2017-12-02 10:01:00

Ուքրանիոյ մէջ 25 դեկտեմբերը յայտարարուեցաւ ոչ աշխատանքային օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը,  որ կը նշուի ինչպէս միշտ  ամէն տարի 25 դեկտեմբերին,  եւ որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ համարուած է ոչ աշխատանքային օր,  այս տարունէ  սկսեալ՝ Ուքրանիոյ մէջ  եւս,  Ուքրանիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած օրէնքի մը համաձայն յայտարարուեցաւ   ոչ աշխատանքային օր։

Օրէնքի կիրարկման մասին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ Ուքրանիոյ քրիստոնեայ հասարակութեան մէկ երրորդը՝ 25 դեկտեմբերը  կը նկատէ արձակուրդին օրը, հետեւաբար պէտք է ճանչնալ անոնց տօնակատարութեան իրաւունքը։    

Այս առնչութեամբ,  Ուքրանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ եւ Լւովի թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Mieczysław Mokrzycki Ասիա Նիւզի լրատու գործակալութեան  հետ ունեցած զրոյցի մը  ընթացքին յայտած է  թէ Յիսուսի Ծննդեան տօնի նշումը՝ 25 դեկտեմբերին,   պարգեւ մը  չէ լոկ լատին կաթողիկէներու համար ,  Բողոքականները եւ  բազմաթիւ յոյն կաթողիկէներ եւ նաեւ  օրթոտոքսներ, 25  դեկտեմբերին    կը միանան Յիսուս Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան։ 

Ան իր ուրախութիւնը յայտնած է այն առումով , որ  Ուքրանիոյ մէջ  լատին ծէսի բազմաթիւի կաթողիկէներ,  Յիսուսի Ծննդեան տօնին օրը ՝25 դեկտեմբերին, վերջապէս  գործի պիտի չ՝երթան   եւ պիտի կարենան այդ օրը նշել իրենց հարազատներուն հետ։    

 25 դեկտեմբերը, ամբողջ Ուքրանիոյ  մէջ  պիտի ապրինք վերջապէս  որպէս տօնի օր ըսած է Լիեւի արքեպիսկոպոսը   








All the contents on this site are copyrighted ©.