2017-12-02 09:55:00

Եւրոպական Խորհրդարանը որդեգրեց Սէուտական Արաբիոյ զէնքի մատակարարումը արգիլելու կոչ ուղղող բանաձեւ մը


Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը յանձնարարէ արգիլել զէնքի մատակարարումը Սէուտական Արաբիոյ, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ կ՛ամբաստանուի Եմէնի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտման համար:

Բանաձեւը որդեգրուեցաւ 539 թեր, 13 դէմ եւ 81 ձեռնպահ քուէներով:

Որդեգրուած բանաձեւը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին կոչ կ՛ուղղէ` Եմէնի հարցին նկատմամբ ռազմավարութեան մշակման ձեռնարկելու:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու Եմէն եւ երկրին մէջ ընթացող տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.