2017-12-01 08:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Տաքքայի մէջ քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 1 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, տեղական ժամով 10-ին (Հռոմի ժամով առաւօտեան 5-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պանկլատէշի մայրաքաղաք Տաքքայի մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն առթիւ Քահանայական ձեռնադրութիւն շնորհեց տեղացի 16 նոր Քահանաներու, 100 հազարէ աւելի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներն ու նորօծ քահանաները հրաւիրեց միասին խորհրդածել Քահանայական խորհուրդի մասին։

«Մեր Տէրը Յիսուս՝ նոր կտակարանի աւագ քահանան է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու Անոր մէջ համայն Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդը դարձաւ քահանայական ժողովուրդ, ու Տէրը իր այդ աշկերտներու ընդմէջէն ուզեց յատուկէն ընտրել մի քանիները որպէսզի իր անունով մատակարարեն քահանայութիւնը ի ծառայութիւն բոլոր մարդոց, այնպէս ինչպէս նաեւ շարունակեն Իր առաքելութիւնը՝ որպէս վարդապետ, քահանայ ու հովիւ։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Յիսուսի խօսքերուն երբ առաքեց իր աշակերտները աւետարանելու համայն աշխարհը, հաստատելով թէ այդ առաքեալներու  յաջորդներն են եպիսկոպոսները որոնց համագործակիցներն են քահանաները ու բոլորը միասին կանչուած են ծառայելու Աստուծոյ ժողովուրդին։

«Այսօր այս մեր եղբայրները եւս պիտի նմանին Քրիստոսին՝ ու պիտի դառնան նոր կտակարանի իսկական քահանաներ, աւետարանը քարոզողներ ու Աստուծոյ ժողովուրդի հովիւներ, ու պիտի մատակարարեն խորհուրդները ու յատկապէս սուրբ պատարագը» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը ուղղելով նորօծ վարդապետներուն դիտել տուաւ թէ անոնք պիտի դառնան մասնակից Քրիստոսի առաքելութեան որ է միակ Վարդապետը, ու հրաւիրեց զանոնք բոլորին հաղորդել Աստուծոյ այն խօսքը որ իրենք ընդունեցան մեծ ուրախութեամբ։ «Կարդացէք ու մշտապէս խորհրդածեցէք Յիսուսի խօսքերուն վրայ, որպէսզի հաւատաք ձեր կարդացածներուն, սորվեցնէք այն ինչ որ ընկալեցիք հաւատքով ու ապրիք այն ինչ որ կ՛ուսուցանէք» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց «Դուք պիտի շարունակէք Քրիստոսի սրբատենչ գործը դառնալով Անոր մահուան ու յարութեան խորհուրդին մասնակից, ձեր մարմնոյն վրայ կրելով անոր մահը՝ ու Իր հետ քալելով նոր կեանքի մը ուղիին վրայ։

Սուրբ Մկրտութեամբ հաւատացեալները միացուցէք Աստուծոյ Ժողովուրդին, ապաշխարութեան խորհուրդով Քրիստոսի ու եկեղեցւոյ անունով ներեցէք մեղքերը, Սուրբ միւռոնով մխիթարութիւն տուէք հիւանդներուն ու զանազան խորհուրդներու եւ օրուան տարբեր ժամերու գոհութեան ու փառաբանութեան աղօթքներով դարձէք ձայն Աստուծոյ ժողովուրդին ու համայն մարդկութեան - յորդորեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ պէտք է 

գիտակցին  թէ ընտրուած են մարդոց միջեւ ու սահմանուած անոնց ծառայութեան ապա թելադրեց «ուրախութեամբ եւ անկեղծ սիրով ի գործ դնել Քրիստոսի քահանայական առաքելութիւնը, միակ ձգտում ունենալով հաճելի դառնալ Աստուծոյ եւ ոչ թէ իրենք իրենց։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց յանձնարարելով յանձնառու ըլլալ իրենց յանձնուած հաւատացեալները միացնելու մէկ ընտանիքի մէջ, զանոնք առաջնորդելու համար Հօր Աստուծոյ՝ Քրիստոսի Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։

«Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք միշտ բարի Հովիւին օրինակը որ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու ու գտնելու եւ փրկելու այն որ կորսուած է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա սրտաբուխ խօսք ուղղեց հաւատացեալներուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց իրենց մասնակցութեան որ կը յատկանշէ ձեր սէրը Եկեղեցւոյ ու Յիսուս Քրիստոսի» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց զանոնք յառաջ ընդանալ Երանութիւններու հոգիով ու մշտապէս աղօթել իրենց քահանաներուն համար յատկապէս անոն որոնք այսօր ընդունեցան ձեռնադրութիւնը։  

«Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթքով կ ՛օժանդակէ քահանաներուն ու ձեր պարտականութիւնն է սատար կանգնիլ անոնց» յարեց Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շեշտելով հաւատացեալներուն« Քահանաներուն համար աղօթքի  կարեւորութիւնը։ «Երբեք մի յոգնիք աղօթելէ  քահանաներուն համար որ ձեզի պիտի ծառայեն» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա գլխաւորեց քահանայական ձեռնադրութեան տպաւորիչ արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.