2017-12-01 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պանկլատէշի եպիսկոպոսներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 1 դեկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, Պանկլատէշ կատարած հովուական առաքելութեան ծիրէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ երկրին եպիսկոպոսներուն հետ ու այդ հանդիպումին առիթով՝ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Նախագահ՝ Կարդինալ Փաթրիք ՏՌոզարիոյի ողջոյնի խօսէն ետք Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներուն ուղղեց իր սրտին խօսքը որուն մէջ շեշտը դրաւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին Հովուական Խնամակալութեան ծրագրին վրայ, որ 1985-էն ի վեր կ՛առաջնորդէ այս երիտասարդ պետութեան եկեղեցական հասարակութեան կեանքն ու առաքելութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ ան կը ներգրաւէ համայն Աստուծոյ ժողովուրդի անդամները։

Այդ հովուական ծրագրին սիրտն է հաղորդութեան իրողութիւնը որ կը շարունակէ ներշնչել միսիոներական նուիրումը որ կը յատկանշէ Պանկլատէշի Եկեղեցին, ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով եպիսկոպոսներու հաւաքական հոգիին որ կը ներառէ նաեւ քահանաները ու անոնց միջոցաւ կը  տարածուի ժողովրդապետութիւններուն ու տեղական հասարակութիւններու մէջ, ըսաւ Քահանայապետը ապա խրախուսեց եպիսկոպոսները յատուկ մօտիկութիւն ցուցաբերելու իրենց համագործակից քահանաներուն ու կրօնաւորական կեանքի պատկան նուիրեալներուն ինչպէս նաեւ աշխարհականներուն անոնց մէջ ճանչնալով ու արժեւորելով խարիզմները ապա քաջալերելով մարդիկն ու կիները այդ պարգեւները դնելու եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ծառայութեան ի սպաս։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա կրօնուսոյցներու առաքելութեան զանոնք նկատելով աղօթքի իսկական առաջնորդներ եւ միսիոնարներ յորդորելով եպիսկոպոսներուն ուշադիր ըլլալ անոնց հոգեւոր պիտոյքներուն ու անոնց հաւատքի կազմաւորումին։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա երիտասարդներուն նուիրուած յառաջիկայ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին որուն առթիւ, ըսաւ Ան, «կանչուած ենք խորհրդածելու թէ ինչպէս մեր երիտասարդները բաժնեկից դարձնել մեր հաւատքի ճշմարտութեան ու գեղեցկութեան» ու նշեց թէ Պանկլատէշը օրհնուած է քահանայական ու նուիրեալ կեանքի կոչումներով ու թէ այս ուղղութեամբ հարկաւոր է թեկնածուներուն ապահովել պատշաճ կազմաւորում, որպէսզի անոնք եւս կարենան հաւատքի գեղեցկութիւնը հաղորդել ուրիշներուն, յատկապէս իրենց հասակակիցներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա Պանկլատէշի  եկեղեցւոյ ընտանիքներուն հայող հովուական խնամակալութեան ու յատկապէս կիներուն վերապահուած ուշադրութեան դիտել տալով թէ Պանկլատէշի մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը տարուի ընտանեկան սիրոյն, ու ծնողներու յարգանքին ինչպէս նաեւ տարեցներու, հիւանդներու ու անպաշտպաններու խնամքին։ «Արժէքներ որոնք վերահաստատուած են Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը ու յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք լռելեան կը գործեն՝ թիկունք կանգնելու համար քրիստոնեայ ընտանիքներուն ու անոնց առօրեայի պահանջներուն, ինչպէս նաեւ անոնց առաքելութեան՝ վկայելու համար Տիրոջ հաշտեցնող սէրը ու ճանչցնել տալու անոր փրկութեան ուժը։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ աղքատներու հովուական խնամակալութեան ծրագիրն վեր առնելով Պանկլատէշի եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ի նպաստ աղքատներու ծառայութեան, դաստիարակչական, բժշկական ու բարեսիրական կառոյցներու միջոցաւ, հուսկ խրախուսեց ստեղծել ողորմութեան մշակոյթ մը՝ որով ամրապնդել Հօր Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ միջ կրօնական ու համամիութենական հանդիպումներուն ու անոնց կարեւորութեան, յատկապէս Պանկլատէշի պէս երկրի մը մէջ որ յատկանշուած է կրօնական աւանդութիւններու զանազանութեամբ այս առնչութեամբ ընդգծելով եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յառաջ տանելու միջկրօնական երկխօսութիւնը, տարբեր ձեռնարկներու միջոցաւ, սատարելու համար ներդաշնակ հոգիի մը ստեղծումին ու կառուցելու կամուրջներ՝ խթանելով երկխօսութիւնը ի նպաստ ազգային միութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան կառուցումին։

«Երբ կրօնապետերը միաձայն կը խօսին հոգեւորականութեամբ քօղարկուած բռնութեան դէմ ու կը ջանան հակամարտութեան մշակոյթը փոխանակել հանդիպումի մշակոյթով, այս կ՛ընեն հիմնուած զանազան աւանդութիւններու հոգեւոր արմատներուն վրայ, ու մեծ ծառայութիւն կը մատուցեն մեր աշխարհին երիտասարդներուն սորվեցնելով արդարութեան ուղին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքին աւարտին մաղթեց որ քահանաները ու բոլոր նուիրեալները կարողանան միշտ գտնել վերանորոգուած ուժը՝ դառնալու աւետարանողներ, որոնք կը հռչակեն բարի լուրը ոչ միայն խօսքով այլեւ Աստուծոյ ներկայութեամբ յատկանշուած կեանքով։

Բոլորիդ մեծ սիրով կու տամ իր առաքելական օրհնութիւնս ու կը խնդրեմ եթէ կը բարեհաճիք չմոռնալ աղօթել ինծի համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.