2017-12-01 08:40:00

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր վարժարանը վերանորոգուած է։


«Գանձասար»- Հինգշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2017- ի առաւօտուն, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան այցելեց Հայ Կաթողիկէ Ս.Գրիգոր վարժարան եւ աթոռանիստ եկեղեցի ու հանդիպում ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հետ։

Արհի. Տէր Պետրոս Միրիաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց պատերազմի տարիներուն հրթիռակոծումներու հետեւանքով Թիլէլ շրջանի մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին եւ Ս. Գրիգոր վարժարանին ու աթոռանիստ եկեղեցւոյ կրած վնասները՝ դիտել տալով որ խաղաղութեան հաստատումէն ետք, առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ վարժարանի վերանորոգութեան, որպէսզի աշակերտները բնական պայմաններու մէջ սկսին վերամուտը։ Հետագային պիտի վերանորոգուի նաեւ աթոռանիստ եկեղեցին, որ յաջորդական հրթիռակոծումներու ենթարկուելով ահաւոր վնասներ կրած է։

Տէր Պետրոս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց թերթին անխափան հրատարակման համար՝ դիտել տալով որ հետեւողականօրէն կը ստանայ «Գանձասար»ը։ Խօսուեցաւ մամուլի կարեւորութեան եւ երիտասարդ սերունդին մօտ գրելու եւ ընթերցելու հետաքրքրութիւնը զարգացնելու միջոցներուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.