2017-12-01 08:49:00

Լեւոն Արոնեան՝ ճատրակի աշխարհի երկրորդ լաւագոյն վարպետը


Ճատրակի աշխարհի գործող բաժակակիր Լեւոն Արոնեան երկրորդ դիրքը կը գրաւէ ՖԻՏԷ-ի վարկանշային աղիւսակին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Առաջին տեղը կը գրաւէ աշխարհի ախոյեան  Մակնուս Քարլսըն:

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի վարպետներէն՝ աշխարհի 100 լաւագոյններու շարքին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեան (72-րդ տեղ) եւ Վլադիմիր Յակոբեան (78-րդ տեղ):








All the contents on this site are copyrighted ©.