2017-12-01 08:47:00

Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի դեկտեմբերի սկիզբը՝ Անթիլիասի մէջ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ, «Արմէնփրէս».- Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Դեկտեմբեր 5էն 8 պիտի գումարուի Ազգային ընդհանուր ժողովը:

Ժողովին մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, որ չորս տարին անգամ մը գումարուող Ազգային ընդհանուր ժողովին պիտի նախագահէ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Ժողովին պիտի մասնակցին կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, ինչպէս նաեւ թեմերէն ժամանած շուրջ 100 պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Չորս օրերու վրայ երկարող Ազգային ընդհանուր ժողովը ընթացք պիտի առնէ վեհափառ հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու զեկուցում եւ քննարկում: Ժողովի օրակարգերուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, Սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը:

Ազգային ընդհանուր ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն եւ կաթողիկոսարանիս առաքելութիւնը նոր թափով շարունակելու ծրագիրներու մշակում»:








All the contents on this site are copyrighted ©.