2017-11-30 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պանկլատէշ. Երկրի իշխանութիիւններուն հետ հադիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 30 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Միանմարէն փոխադրուեցաւ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Պանկլատէշի մայրաքաղաք Տաքքա։

Բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգէն ետք Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սաւարի ազգային մարտիրոսներու յուշահամալիրը որմէ ետք այցելեց նաեւ «Պանկապանտուի» յուշահամալիրի թանգարանը որմէ ետք  ուղղուեցաւ Պանկլատէշի Նախագահական պալատ ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին ու երկրին իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած բարի գալուստի խօսքերուն ու զինք Պանկլատէշ հրաւիրելուն համար ապա յայտնեց թէ ինք հոս կը գտնուի  իր նախորդներու՝ Պօղոս Զ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետերու հետքերուն վրայ, աղօթելու համար իր կաթողիկէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ու անոնց փոխանցելու սիրոյ եւ քաջալերանքի պատգամ մը։

«Պանկլատէշը երիտասարդ պետութիւն մըն է բայց եւ այնպէս յատուկ տեղ գրաւած է Քահանայապետերու սրտին մէջ որոնք ի սկզբանէ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին Պանկլատէշի ժողովուրդին ու անոր թիկունք կանգնեան ազգի կառուցման դժուար պարտականութեան մէջ» - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց Պանկլատէշի բնութեան գեղեցկութեան, գետերուն ու ջրատարներուն, անդրադառնալով Պանկլատէշի այն յանձնառումին ձգտելու միութեան, տարբեր աւանդութիւններու ու հասարակութիւններու յարգանքի ուղղութեամբ, ապա հաստատեց թէ «որպէս մէկ մարդկային ընտանիքի անդամներ, մենք կարիքն ունինք մէկը միւսին ու կախեալ ենք մէկը միւսէն, ինչպէս նշուած է նաեւ Պանկլատէշի սահմանադրութեան մէջ, որ կը նախատեսէ ժամանակակից ընկերութիւն մը, բազմազան ու ներառնող, ուր իւրաքանչիւր անհատ եւ հասարակութիւն կարողութիւնը ունենայ ապրելու ազատ, խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ, յարգելով բոլորին հաւասար իրաւունքներն ու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը։

Այս երիտասարդ պետութեան  ապագան կախեալ է վերոնշեալ իտէալներու նկատմամբ հաւատարմութենէն,  որուն համար անկեղծ երկխօսութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտ՝ յաղթահարելու համար դժուարութիւնները ու կերտերու համար միութիւնը, ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքին։

Նորին Սրբութիւնը այս ծիրէն ներս անդրադարձաւ Պանկլատէշի վեհանձն ու զօրակից հոգիին որ արտայայտուեցաւ, ըսաւ Ան, անցեալ ամիսներուն  Ռախինէ շրաջնէն ժամանած գաղթականներուն մատուցած մարդասիրական օգնութիւններով, անոնց տալով ժամանակաւոր ապաստան ու ապահովելով ապրուստի կենսամիջոցներ։ Այս մէկը կատարուեցաւ մեծ զոհողութիւններով ու աշխարհը ականատես եղաւ անոր ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան պատշաճ ուղիներ որոնելու այս ծանր տագնապին համար, ակնարկելով այն գաղթականներուն ու յատկապէս «Ռոհինճա» ցեղախումբի պատկան մարդոց, կիներուն եւ անչափահասներուն, որոնք փախուստ տուին Միանմարէն ու ապաստան գտան Պանկլատէշի մէջ, ուր այժմ կ՛ապրին գաղթականներու յատկացուած ճամբարներու մէջ։

«Թէեւ իմ այցելութեանս առաջին նպատակն է կաթողիկէ հասարակութիւնը, վաղը տեղի ունեցող միջկրօնական հանդիպումը կը նկատեմ առանձնայատուկ պահ մը, ուր միասին պիտի աղօթենք խաղաղութեան համար ու պիտի վերահաստատենք մեր յանձնառումը աշխատելու ի սպաս խաղաղութեան» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով Պանկլատէշի կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակութեան ու կրօնական հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութեան, այս մէկը նկատելով սատար՝ խթանելու հոգեւոր արժէքները, որոնք ապահով հիմքն են արդար ու խաղաղ ընկերութեան մը։

«Աշխարհի մը մէջ ուր կրօնը դժբախտաբար օգտագործուած է յառաջացնելու համար բաժանումներ, այս ձեր հաշտութեան ու միութեան վկայութիւնը միշտ աւելիով անհրաժեշտ է» յարեց ապա Քահանայապետը այս ուղղութեամբ ապահովեցնելով նաեւ Երկրին մէջ փոքրամասնութիւն կազմող կաթողիկէ հասարակութեան ու հաւատացեալներուն յանձնառումը,  յատկապէս մատնանշելով կաթողիկէ կառոյցներուն, դաստիարակչական առողջապահական ու խնամակալական ասպարէզներէն ներս մատուցած ծառայութիւններուն։

«Եկեղեցին կը գնահատէ ազատութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, խօսքը կեդրոնացնելով յատկապէս կրօնական ազատութեան վրայ, ապա նշեց թէ Կաթողիկէ դպրոցներուն մէջ կը խթանուի հանդիպումի մշակոյթ մը որ աշակերտները կարող կը դարձնէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու ընկերութեան ու կեանքին մէջ։  Ան ապա ըսաւ «Վստահ եմ որ կաթողիկէ հասարակութիւնը պիտի շարունակէ ազատ կերպով յառաջ տանիլ հասարակաց բարիքին սահմանուած բարի  գործունէութիւնները, հուսկ ներկաներուն ապահովեցնելով իր աղօթքները մաղթեց որ անոնք միշտ ներշնչուին արդարութեան ու քաղաքացիներու ծառայութեան սկզբունքներէն ու համայն Պանկլատէշի ժողովուրդին վրայ հայցեց ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.