2017-11-30 08:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Միանմարի Երիտասարդներուն նուիրուած եզրափակիչ պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 30 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Եանկոնի Անարատ Յղութեան անուան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ երիտասարդներուն նուիրուած սուրբ պատարագի արարողութեամբ աւարտեց 21-րդ առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող՝ Միանմար կատարած այցելութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը սուրբ զոհի ընթացքին արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն մէջ պատարագի մասնակցող երիտասարդներու հետ ուզեց բաժնեկցել օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն այն խօսքը որ կ՛ըսէ «Որքան գեղեցիկ են ոտքերը խաղաղութեան աւետարանիչներու եւ բարութեան աւետարանիչներու» (Հռոմ, 10,15) ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ «Սիրելի Միանմարի երիտասարդներ ունկնդրելէ ետք ձեր ձայներն ու ձեր երգերը կ՛ուզեմ այս բառերը ձեզի ձօնել. այո՛ գեղեցիկ են ձեր քայլերը ու գեղեցիկ եւ քաջալերական է տեսնել որ մեզի կը մատուցէք բարիի աւետիս մը, ձեր երիտասարդութեան, ձեր հաւատքին ու ձեր խանդավառութեան աւետիսը։ Դուք արդարեւ Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաւատքի շօշափելի նշանն էք՝ հակառակ  մեզ կը շրջապատող տխուր ու թշուառ իրողութիւններուն, սակայն կ՛ուզեմ որ մարդիկ գիտնան թէ դուք՝ Միանմարի երիտասարդներ, վախ չունիք հաւատալու Աստուծոյ ողորմութեան բարի հռչակումին, որովհետև այդ ողորմութիւնը ունի անուն մը եւ դիմագիծ մը ՝ Յիսուս Քրիստոս։

Որպէս պատգամաւորներ այդ հռչակումին դուք պատրաստ էք յոյսի խօսք մը մատուցել եկեղեցւոյ, ձեր երկիրն ու աշխարհին, բարի լուր մը ձեր տառապող եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք կարիքն ունին ձեր աղօթքին եւ զօրակցութեան ինչպէս նաեւ ձեր յանձնառումին ի նպաստ մարդկային իրաւունքի, արդարութեան ու սիրոյ եւ խաղաղութեան խթանումին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղուած թուղթէն հատուածներ՝ ուր առաքեալը հարց կու տայ «Ի՞նչպէս պիտի հաւատան եթէ չի լսեցին։ Ի՞նչպէս պիտի լսեն եթէ չկայ  քարոզիչ եւ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն եթէ չեն ղրկուած» ու հրաւիրեց երիտասարդները խորհրդածելու այդ խօսքերու մասին, իր կարգին առաջարկելով մտածականի նիւթեր։

«Առաջին հարցումն է ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր եթէ չի լսեցին անոր մասին» ըսաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց։ «Մեր աշխարհը լի է աղմուկով ու ցրուածութեան առիթներով որոնք կարող են սանձահարել  Աստուծոյ ձայնը» առ այդ   զԱստուած փնտռեցէք աղօթքին մէջ, սորվեցէք ունկնդրել Անոր ձայնը ու Անոր հետ զրուցել ի խորոց սրտէ» հրաւէր ուղղեց  Սրբազան Հայրը այս առընչութեամբ օրինակ բերելով Սուրբ Անդրէաս առաքեալը, որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր։ Ան որ պարզ ձկնորս մըն էր դարձաւ վեհանձն մարտիրոս՝ Յիսուսի Սիրոյ վկայ։ Սակայն  մարտիրոս դառնալէ առաջ ան իր սխալներէն սորվեցաւ ինչպէս Յիսուսի իսկական աշակերտ ըլլալ, ասոր համար դուք եւս վախ մի ունենաք սորվելու ձեր սխալներէն, իմանալով թէ Յիսուս լի է ողորմածութեամբ։ Առ այդ Անոր հետ կիսեցէք ձեր սրտի գաղտնիքները՝ վախերն ու մտահոգութիւնը, երազներն ու յոյսերը։ Ձեր ներքին աշխարհը մշակեցէք համբերութեամբ որպէսզի ապա քաղէք այդ համբերութեան պտուղները ու զանոնք բաժնեկցիք ուրիշներուն հետ, յարեց Քահանայապետը ու անդրադարձաւ երկրորդ հարցումին «Ի՞նչպէս պիտի լսեն եթէ չկայ քարոզիչ մը։ Ահա ձեզի վստահուած պարտականութիւն մը՝ ըլլալ միսիոնարներ, Յիսուսի բարի լուրի պատգամաւորներ։ Մի վախնաք ու այնպէս ըրէք որ ձեր ձայնը լսելի ըլլայ ու դառնաք յոյսի նշաններ, անոնց համար որոնք յուսալքուած են, երկարած ձերք մը անոնց որոնք հիւանդ են, ընկալող ժպիտ մը պանդուխտին նուիրուած եւ հոգատար թիկունք անոր որ միայնակ է։

Սուրբ Պօղոսի երրորդ հարցումն է  «ի՞նչպէս կարելի է քարոզել եթէ չեն առաքուած» ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ պատարագի աւարտին ամէնքս պիտի առաքուինք մեր ընդունած պարգեւները կիսելու ուրիշներուն հետ ու մեր այս առաքելութեան մէջ Յիսուս կը քալէ մր կողքին այնպէս ինչպէս ըրաւ Սուրբ Անդրէասի ու անոր եղբօր Սիմոն Պետրոսին հետ, անոնց ըսելով «հետեւեցէք ինծի»։

«Ոչ թէ ընդանալ Անոր առջեւէն այլ հետեւիլ Անոր, ինչ որ ըլլայ ձեր կոչումը, կը խրախուսեմ ձեզ ըլլալ քաջասիրտ, ըլլալ վեհանձն ու ամենէն աւելին ըլլալ միշտ ուրախ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները իրենց հայեացքը ուղղելու Մարիամին որ «այո» ըսաւ հրեշտակին իրեն փոխանցած պատգամին, ու ադյդ այոն դարձուց կեանքի հաւատարիմ նուիրում ու կատարեալ վստահութիւն Աստուծոյ։

«Մարիամի նման դուք եւս եղէք խոնարհ բայց արի՝ Յիսուսն ու Անոր սէրը տանելու միւսներուն» յարեց ապա Սրբազան Հայրը երիտասարդներուն յանձնեց Մարիամի մայրական հովանիին ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Աստուած օրհնէ Միանմարը ըսաւ Նորին Սրբութիւն եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.