2017-11-30 09:33:00

Քահանայապետական առաքելական ճամբորդութիւն - Կաթողիկէ եկեղեցին Պանկլատէշի մէջ թիւերով


(Ռատիօ Վատիկան) 31 դեկտեմբեր 2015-ի տուեալներու համաձայն, Պանկլատէշի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը 158 միլիոնէ աւելի բնակչութեան վրայ  կը հաշուէ 375000։ 

Պանկլատէշի մէջ  կաթողիկէ եկեղեցին   կազմակերպուած   8 եկեղեցական տարածքներով, որոնց մէջ կը գործեն 106 ժողովրդապետութիւններ եւ հովուական ծառայութեան հայող այլ 375 կեդրոններ։  

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեամբ կը զբաղին 12 եպիսկոպոսներ, 189 թեմական քահանաներ, 183 քահանաներ, 111 ոչ քահանայ կրօնաւորներ, 1269 կրօնաւորուհիներ, 1210 միսիոնար աշխարհականներ  եւ 1427 կրօնուսոյցներ։

Դաստիարակչական ծիրէն ներս, Պանկլատէշի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին  ունի  754 դաստիարակչական կեդրոններ, ուր կը  յաճախեն 135958 աշակերտներ։ Կան նաեւ 353 բարեսիրական եւ ընկերային կեդրոններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.