2017-11-29 10:22:00

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի եկեղեցական համագումարը


ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական համագումար ժողով: Տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի նախագահութեամբ՝ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան պատրիարքական աթոռի ենթակայ հոգեւոր հայրերը: Մօտաւոր անցեալին, Կրօնական ժողովի նիստին ընթացքին որոշուած էր կազմակերպել Եկեղեցական համագումարի նիստ: Անոր նպատակն էր համալրել Կրօնական ժողովի կազմէն պակսած անդամները:

Համագումարի սկիզբը տեղապահ սրբազան հայրը հանդէս եկաւ բացման խօսքով: Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան անդրադարձաւ համագումարի նպատակին: Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ Միւռոն Ա. քհնյ. Այվազեան ներկայիս անկողինին կը ծառայէ, իսկ Եղիա Ա. քհնյ. Քերվանճեան հաստատուած է արտասահման: Հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն յառաջացած է Կրօնական ժողովին շարքերը լրացնել:

Բաց քուէարկութեամբ կազմուեցաւ ժողովի դիւանը: Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան ընտրուեցաւ ատենապետ, իսկ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան՝ ատենադպիր: Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան եւ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան եղան քուէախոյզներ: Փակ քուէարկութեան արդիւնքով՝ Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան Զատիկ վրդ. Պապիկեան եւ Կորիւն Ա. քհնյ. Ֆէնէրճեան: Արդիւնքի հրապարակումէն ետք, նորընտիր տէր հայրը հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը:

Համագումարը աւարտին հասաւ տեղապահ սրբազան հօր աղօթքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.