2017-11-29 16:07:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Սիրտը…

Մարդկային մարմինին կեդրոնական մասը, ոսկորէ ամուր վանդակի մէջ ապահով բանտուած մկան մը կայ, որուն գոյութենէն կախեալ է ամբողջ մարմինը. անիկա արեամբ բաբախող ու երակներուն մէջ արիւն ներարկող սիրտն է:
Հին ժողովուրդներ, որոնց շարքին նաեւ Հին Ուխտի ժողովուրդը, այնպէս կը պատկերացնէին, թէ սիրտն է կեդրոնը մարդկային մտածումներուն, զգացումներուն ու ապրումներուն (Հմմտ Ծն 73.7, Հռթ 8.27, Դն 2.30, Ա.Կր 4.5, Սղ 4.4, 7.9, 53.1): Բոլոր ժողովուրդներու գեղարուեստական գրականութեանց կամ վիպագրութեանց մէջ եւս, վերապահուած են մարդկային սիրտի նկատմամբ յատուկ էջեր, ուր կը նկարագրուի այդ մսեղէն գործարանը, իբրեւ շտեմարանը հոգեյոյզ ապրումներու եւ իբրեւ այն անտակ հորը, ուր կը պահուին գաղտնիքներ եւ մանաւանդ սէրեր: Ոմանք կը սիրեն զայն կոչել սիրոյ գանձարկղը, ուր այդ հարստութիւնը՝ սէրը, դնելու եւ դուրս բերելու յատուկ կանոններ կան:
Հակառակ այն իրողութեան, որ մարդկային մարմինի այս գործարանը փափուկ է, թրթռուն ու նոյնիսկ լպրծուն, եւ հազիւ կարելի է զայն պահել երկու ափերու մէջ, մարդիկ յաճախ զայն կը համեմատեն կոշտ քարի հետ… Մէկը կրնայ ըսել. քարը ո՜ւր, սիրտը ուր:
Սակայն, կեանքը ինք ցոյց տուած է, ու ամէն օր իր յայտնաբերած նոր օրինակներով աւելի կ՛ամրապնդէ այն թէզը, թէ սիրտը իր փափկութեամբ, կրնայ քարի բնութենէն աւելի կարծր բնաւորութիւն ցուցաբերել, իբրեւ կոշտ վերաբերում ուրիշներու նկատմամբ:
«Սիրտը քար դարձեր է», «Քարէ սիրտ ունի», «Քարացուցած է իր սիրտը»: Այս արտայայտութիւններուն նախատիպ օրինակին կը հանդիպինք Աստուածաշունչ մատեանին մէջ, ուր Եգիպտոսի փարաւոնին համար գործածուած է ատիկա, երբ ան չէր թողուր որ Եգիպտոսի մէջ, Հին Ուխտի ստրկացած ժողովուրդը դուրս գար այդ երկիրէն, անապատին մէջ իբրեւ թէ Աստուծոյ պաշտամունք մատուցելու համար (Հմմտ Ել 7.13):
Մարդկային սիրտին համար ըսուած ամէն զգացողութիւն ցուցնող խօսք ու արտայայտութիւն պէտք է փոխաբերական իմաստով ընկալել եւ ոչ թէ նիւթական կամ ֆիզիքական:
Այլ արտայայտութիւններ ալ կան, ինչպէս «սիրտս նեղացաւ», «սիրտս լեցուեցաւ», «սիրտս թունդ ելաւ», «սիրտս կոտրեցաւ», «սիրտս հալեցաւ», կամ՝ «սիրտիս հատորը», «սիրտիս միակ փափաքը» եւ այլ խօսքեր, որոնք բոլորն ալ զգացողութեան ու մարդկային տրամադրութիւններու եւ ապրումներու հետ առնչուած են: Բացատրութիւն տալու միջոցներ են ասոնք, մարդկային ներքին այն ապրումներուն, որոնք այլապէս չեն բացատրուիր:

Շատեր «սովորութիւն» դարձուցած են գաղտնիքները իրենց «սիրտին մէջ պահել»ու եւ ո՛չ թէ միտքին: Այս ալ անշուշտ գիտութեան զարգացումին հետ փոփոխութիւն չկրած արտայայտութիւններէն է։

Ւնչքա՜ն խորունկ պէտք է ըլլար սոյն «պահեստը» այսինքն՝ սիրտը, որ կարենար ամբարել այդքան տեղեկութիւն կամ նիւթ: Արհեստագիտութեամբ այսքան յառաջադէմ դարուն, իրենց համակարգիչներուն համար մարդիկ այսօր յաւելեալ «ուղեղներ» կը գնեն, եւ միշտ ալ սահմանափակ գտնելով անոնց տարողութիւնը, հետամուտ կ՛ըլլան աւելի «ընդարձակ» տարածք ունեցող համակարգչային ուղեղներ գտնելու: Սակայն, մարդիկ կը համաձայնին մեզի հետ, եթէ ըսենք, թէ մէկ մարդու սիրտին մէջ բիւրապատիկ աւելի շատ նիւթեր տեղաւորուած կրնան ըլլալ, քան՝ ամէնէն մեծ հնարաւորութիւն ունեցող համակարգչային ուղեղը: Այդ անիմանալի դարաններուն մէջ կողք-կողքի դասաւորուած են կենդանի տեսարաններէ սկսեալ, մինչեւ բարի ու չար խօսքեր, բարեկամական թէ թշնամական նայուածքներ, սիրոյ թէ ատելութեան արտայայտութիւններ, բազմապիսի ոճիրներու գաղտնիքներ եւ բազմաթիւ ու բազմատեսակ այլ նիւթեր: Միակ տարբերութիւնը մարդկային այս համակարգիչին եւ մետաղէ մասնիկներով կազմուածին միջեւ այն է, որ մինչ առաջինը կրնայ մոռացութեան հետեւանքով խանգարումներ ցոյց տալ, իսկ վերջինը՝ տրուած հրահանգին դիմաց շուտով կը բանայ պահանջուած ծրարը: Երկրորդն ալ անշուշտ ամբողջովին վստահելի պահեստ չէ, որովհետեւ ներքին փոքր խանգարումի հետեւանքով կրնայ ամբարուած ամբողջ «գանձը» հովին տալ, տարուած աշխատանքը ոչինչ դարձնելով:
Իսկ ինչո՞ւ մարդիկ սիրտը կը համեմատեն քարի հետ: Քարը բնութեան ամէնէն կարծր տարրերէն կը համարուի: Մինչ կարծր նկատուող երկաթը կրնայ հալիլ ուժեղ կրակին դիմաց, կամ՝ այլ կարծր նիւթեր կրնան փշրուիլ, քարը դեռ կը մնայ ամէնէն աւելի տոկունն ու դիմացկունը, երբ բախուի այլ նիւթերու, կամ՝ այլ նիւթեր բախուին իրեն: Քարը, ժայռը, Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ ամէնէն տոկուն նիւթը նկատուած է: Պետրոսը ժայռ կ՛անուանէ Ան (Հմմտ Մտ16.18): Խորհուրդ կու տայ, որ մարդ իր տունը ժայռի վրայ կառուցէ, ապահովութեան համար (Հմմտ Մտ7.24-27):
Միակ բանը որ պէտք չէ՛ համեմատուի քարի հետ, մարդկային սի՛րտն է, որ իր փափուկ զգայնութեամբ ու գորովով շա՜տ աւելի նուրբ ու կակուղ է, քան՝ սպիտակաթոյր բամպակը: Սակայն, մարդկային սիրտը քարէն տարբերող հիմնական երեւոյթը սէ՜րն է, որուն բացակայութիւնը զայն կը կարծրացնէ, ու նոյնիսկ քարէն աւելի ամուր նիւթի կը վերածէ: Սէ՜րն է սիրտը փափկացնող նիւթը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.