2017-11-29 10:18:00

UNWTO-ն Հայաստանը ներառած է Ճամբորդութեան համար աշխարհի լաւագոյն 20 վայրերու ցանկին մէջ


Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (UNWTO) հրապարակած է ճամբորդութեան համար աշխարհի լաւագոյն 20 վայրերու ցանկը: Հայաստանը ներառնուած է այս ցանկին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Փանորամա»ն՝ վկայակոչելով «Travel and Leisure» թերթը:

Կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ միջազգային այցելուները եւ կը ներկայացնէ տեղեկութիւն, թէ որ պետութիւնները հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն զբօսաշրջիկներու համար: Անցեալ տարի, զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք նկատուած է նաեւ դէպի Հայաստան:

«Իր  երկարամեայ պատմութեան ընթացքին (աւելի քան 3000 տարի) Հայաստան կը տառապի  հակամարտութեան պատճառով: Սակայն  իրավիճակը կայունացած է. անցեալ տարի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ 18 տոկոսով աճ արձանագրուած է: Անիկա աշխարհի առաջին քրիստոնէական պետութիւնն է, եւ զբօսաշրջիկներուն ամէնէն աւելի կը գրաւեն այնտեղի հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող վանքերը», կը գրէ կազմակերպութիւնը՝ աւելցնելով, որ հակառակ երկարատեւ հակամարտութիւններու, Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ՝ Եգիպտոս եւ Թունիս,  նոյնպէս զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.