2017-11-27 09:45:00

Քահանայապետի ճամբորդութիւնը Մայանմար - Կաթողիկէ փոքրիկ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամանեց Մայանմար ուր պիտի մնայ մինչեւ 30 նոյեմբերին ապա պիտի տեղափոխուի Պանկլատէշ։

Մայանմարի մէջ քրիստոնեաները կը կազմեն փոքրամասնութիւն։ Արդարեւ 51 միլիոն 790 հազար բնակչութեան միայն 659 հազարը Կաթողիկէ են։ Մայանմարի մէջ կը գործեն 16 եկեղեցական թեմեր ուր կան 384 ժողովրդապետութիւններ եւ 43 հովուական խնամակալութեան այլ կեդրոններ որոնք մատակարարուած են 22 եպիսկոպոսներէ, 777 թեմական քահանաներէն, եւ 111 կրօնաւորներէ։ Ապա կան 128 այլ կրօնաւորներ ու 1961 կրօնաւորուհիներ ինչպէս նաեւ 601 աշխարհական միսիոնարներ ու 3.056 կրօնուսոյցներս։ Մայանմարի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խնամակալութեան տակ կը գտնուին ապա 568 բարեսիրական եւ ընկերային հարցերով զբաղող կեդրոններ։

Մայանմարի մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է դեռեւս 16 դարուն Փորթուկալցի միսիոնարներու ժամանումով։ Այդ ժամանակուայ Պիրմանիայի մէջ անոնց առաքելութիւնը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ 1722-ին։

Մայանմարի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 2017-ի մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.