2017-11-25 11:09:00

«Արարատ» օրաթերթի 80-ամեակի հանդիսաւոր նշում։


Հովանաւորութեամբ հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, «Արարատ» օրաթերթի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, կուսակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մամուլի գործիչներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց «Արարատ» օրաթերթի անձնակազմէն Շիրազ Ճէրէճեան: Ան նկատել տուաւ, որ օրաթերթը ծնունդ առած է այն տարիներուն, երբ լիբանանահայ գաղութը տակաւին կազմաւորման, կառուցման եւ ծաղկունքի մէջ էր` աւելցնելով, որ ան միացաւ լիբանանահայութեան տքնաջան աշխատանքին եւ ամէնօրեայ նուիրումին` հայը հայ պահելու եւ կերտելու ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրողներուն սերունդները:

Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կարդաց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետներուն օրհնութեան գիրերը, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան կարդաց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեան գիրը, իսկ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան կարդաց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան գիրը: Ապա Շիրազ Ճէրէճեան կարդաց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Հայ գրողներու միութեան վարչութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեանի, ՀԲԸՄ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի շնորհաւորագիրները:

Օրաթերթի յօդուածագիր Էդուարդ Գրիգորեան ներկայացուց «Արարատ»-ի պատմականը` հաստատելով, որ հակառակ իր դիմաց ծառացած դժուարութիւններուն, «Արարատ» օրաթերթը մնացած է պատնէշի վրայ, եւ իր 80 տարիները եղած են արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր:

Անի Թորանեան խօսք առնելով անդրադարձաւ օրաթերթի մշակութային էջերուն` հաստատելով, որ «Արարատ» օրաթերթը բարձր գնահատած է իր ընթերցողներուն կարծիքը, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը ձգած են իր 80-ամեայ գործունէութեան վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ օրաթերթի մշակութային էջը ծնունդ առած է հինգ տարի առաջ` հայ ոգին, հայ մշակոյթը ընթերցողներուն փոխանցելու անհրաժեշտութեան գիտակցութենէն:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Արեն, Ալեք եւ Առնօ Տօներեան եղբարք, որոնք ջութակի եւ թաւջութակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտոր մը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պատկառելի նկատեց «Արարատ» օրաթերթի 80-ամեայ երթը լրատուութեան կիզակէտին մէջ` աւելցնելով, որ հայոց լեզուի պահպանման, հայապահպանութեան եւ ճշմարիտ լրատուութեան լոյս ընծայման առումով թերթը ունի ազնիւ առաքելութիւն:

Օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր եւ լրագրող Սարգիս Նաճարեան, իբրեւ «Արարատ»-ի 45 տարիներու նախկին տնօրէն անդրադարձաւ իր ժամանակաշրջանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ օրաթերթը կրցած է տոկալ եւ գոյատեւել առանց ընկրկելու:

«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան խօսք առնելով յաղթանակի համազօր երեւոյթ նկատեց դասական մամուլի 80-ամեակ տօնակատարելը`  տեղեկատուական բաց համակարգի ներկայ օրինաչափութիւններուն մէջ, աւելցնելով, որ «Արարատ» օրաթերթը ներկայ բարդ եւ դժուար պայմանները, ինչպէս նաեւ անցեալին ունեցած բոլոր խոչընդոտները պատուով դիմագրաւած է: Շ. Գանտահարեան նաեւ հաստատեց, որ նման  պայմաններու մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերը կը գոյատեւեն եւ հանդէս կու գան նոր ծրագիրներով:

Այնուհետեւ Գէորգ Քէշիշեան սրինգի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.