2017-11-25 09:11:00

Լիբանան. 2018-ն հռչակուեցաւ կրօնական զբօսաշրջութեան տարի։


Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց Լիբանանի մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Քանաանը:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին յառաջիկայ տարին` 2018-ը «Կրօնական զբօսաշրջութեան տարի» հռչակելու ծիրին մէջ տարուող նախապատրաստական քայլերը:

Այս իմաստով «Կրօնական զբօսաշրջութեան» յատկացուած նիստին քարոզչական յատուկ տեսերիզ մը ցուցադրուած էր վերջերս «Պիել»-ի մէջ գումարուած «Լիբանանեան մարդուժ»-ի համագումարի ընթացքին:

Նմանապէս կը ծրագրուի զբօսաշրջութեան (եւ այդ ծիրին մէջ` կրօնական զբօսաշրջութեան) մասին քարոզչական յատուկ կայք մը հաստատել յառաջիկայ տարեսկիզբին:








All the contents on this site are copyrighted ©.