2017-11-25 13:15:00

Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեայ յոբելեան»ին փակում՝ եւ գիրքի շնորհահանդէս


Կազմակերպութեամբ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եւ «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Այնճարի ու Զահլէի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին, նախագահութեամբ Գերպծ. Եպս, Ասատուրեան Օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի Պատրիարքական թեմին

Շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան  6.00ին, « Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ, «Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեայ յոբելեան»ին փակում  եւ Մեսրոպ Հայունիին «Մարիամ ո՞վ ես դուն…»  Նորատիպին շնորհահանդէս։  

Շնորհանդէսին,  «Մարիամ Սիրամայր» միացեալ երգչախումբը  կը ներկայացնէ Տիրամօր նուիրուած փունջ մը երգեր ապա տեղի կ՛ունենան մեներգներ Հ Ղազար Վրդ Պետրոսեանի կատարողութեամբ։ 

Շնորհահանէսի բացումը կը կատարէ Տէր Ալիշան Քհ Աբարդեան մինչ փակման խօսքը կ՛արտասանէ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան։

Նորատիպին մակագրութեան ու բաշխումէն ետք նախատեսուած է նաեւ հիւրասիրութիւն Աղաճանեան կեդրոնին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.