2017-11-25 09:56:00

«Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր» խորագիրով» կլոր սեղան


Հինգշաբթի,  Նոյեմբեր 23-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինը մտաւորական բարձր մակարդակի կլոր սեղան մը կազմակերպած էր` «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները դէպի ո՞ւր» խորագիրով: Ձեռնարկը յատկանշուեցաւ մեծ թիւով լիբանանցի ակադեմական, հոգեւոր եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ, եւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահը լեցուած էր նիւթով հետաքրքրուողներով, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Կլոր սեղանը ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով վարեց Ալիս Պօղոսեան, որ ըսաւ, թէ մարմինը ծրագրած է կազմակերպել կլոր սեղաններու շարք մը, եւ այդ շարքին մէջ առաջինը սոյն ձեռնարկն է: Ձեռնարկին կազմակերպման շարժառիթը կը մեկնի այն մտահոգութենէն, թէ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ, մանաւանդ շարունակական պատերազմներէն եւ չդադրող արտագաղթէն ետք: Այնուհետեւ Ալիս Պօղոսեան ներկայացուց կլոր սեղանին մասնակիցները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, Ասորիներու լիկայի եւ Համայն Արեւելքի հանդիպումի նախագահ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` երկխօսութեան հարցերու խորհրդական Հապիպ Աֆրամը եւ լիբանանցի յայտնի մտաւորական, քաղաքագէտ ու մտաւորական Հասան Համատէն:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով ըսաւ, որ այսօր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյութեան հարցը հանրային քննարկումի առարկայ դարձնելը արդիւնք է այն մտահոգութեան, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը տագնապներով լեցուն շրջանին մէջ: Այնուհետեւ երեսփոխան Բագրատունի ներկայացուց հարցադրումներու շարք մը, թէ արդեօք Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական հոգեւոր ու քաղաքական հեղինակութիւնները ի՞նչ կ՛ընեն պահպանելու համար քրիստոնէական ներկայութիւնը, արդեօք մենք կը հաւատա՞նք, որ քրիստոնեաները պէտք է մնան Միջին Արեւելքի մէջ եւ չարտագաղթեն դէպի Արեւմուտք, ի՞նչ պէտք է ըլլայ Արեւմուտքի դերը Միջին Արեւելքի քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման մէջ:

Բագրատունի ըսաւ, որ այսպիսի տասնեակ մը հարցադրումներ կարելի է ուղղել, սակայն կարեւորը լուծումն է: Կարեւոր է նաեւ, որ քրիստոնեաները ընդունուին իբրեւ այս երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներ, այլ ոչ թէ դրսեցիներ, ապաստանեալներ եւ հպատակներ: Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները այլեւս յաւելեալ եկեղեցիներու, քարեղէն կառոյցներու կարիք չունին, այլ կարիքը ունին բնակելի շէնքերու, աշխատանքի առիթներու եւ գոյատեւելու կռուաններու, որպէսզի անոնք մնան իրենց հողին վրայ եւ գոյութիւն ունեցող եկեղեցիները ողողեն Ս. պատարագներու ժամանակ»:

Հապիպ Աֆրամ իր ելոյթին սկսաւ ներկայացնելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները: Որո՞նք են անոնք: Անոնք շուրջ 20 միլիոն բազմազգ բնիկ ժողովուրդներ են` տարածուած Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ: Ոչ ոք կրնայ բազմատարր քրիստոնէական ներկայութիւնը ջնջել շրջանէն` ո՛չ իրերայաջորդ ջարդերու ու հալածանքներու միջոցով, ո՛չ ալ ամբողջատիրական արաբականացման կամ վերջերս քրտականացման գաղափարներուն միջոցով:

«Այն ժողովուրդը, որ դիմադրութեան գին չի վճարեր, իրաւունք չունի գոյատեւելու: Հողը անոր է, որ անոր վրայ կ՛ապրի եւ ոչ թէ անոր տակն է», շեշտեց Աֆրամ` աւելցնելով, որ Արեւելքը չի կրնար գոյատեւել անգամ մը զինուորական բռնատիրութեան ներքեւ, իսկ ուրիշ անգամ` կրօնական ծայրայեղականացման քողին տակ: «Մենք` ասորիներս, քաղդէացիներս, հայերս, պէտք է կառչած մնանք Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ մեր մնացորդացին, մանաւանդ պէտք է պայքարինք Թուրքիոյ մէջ մեր իրաւունքներուն ձեռքբերման եւ եկեղեցական կալուածներու վերադարձին համար, եւ ոչ թէ ըսենք ժամանակին ապրած ենք այդ հողերուն վրայ ու վերջ», ըսաւ Աֆրամ` հարց տալով, թէ արդեօք սիոնականութիւնը կը նպատակադրէ քրիստոնեաներու ի սպառ ջնջո՞ւմը շրջանէն:

Ներկայացնելէ ետք միջինարեւելեան իւրաքանչիւր երկրի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայ վիճակը` Աֆրամ դիտել տուաւ, որ Լիբանան համայն Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար կը մնայ ովասիս եւ խորհրդանիշ, ուր անոնք կը վայելեն բոլոր ազատութիւնները: Ըստ անոր, մեկնելով այս իրողութենէն` նախագահ Աուն ներկայիս կ՛աշխատի Լիբանանը կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու մնայուն կեդրոնի վերածելու ծրագիրին վրայ:

Մտաւորական Հասան Համատէ իր ելոյթին սկսաւ մտաբերելով Պենետիկտոս ԺԵ. պապը, որ 1915-ին մեծ ջանքեր գործադրեց հայոց եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ ուղղուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնները կասեցնելու, բայց եւրոպական բոլոր երկիրներուն ուղղուած անոր կոչերը անպատասխան մնացին: Համատէ ըսաւ, որ «Միջին Արեւելք»-ը արեւմտեան, կայսերապաշտական հասկացողութիւն է, որ աւելի ճիշդ է ըսել «Համայն Արեւելք», ուրկէ ծնունդ առաւ մարդկային ամբողջ քաղաքակրթութիւնը` սկսելով Միջագետքի պետութիւններէն, որոնց ժառանգորդներն են քրիստոնեայ ասորիները եւ քաղդէացիները:

Համատէ նաեւ ըսաւ, որ Արեւմուտքին ու կայսերապաշտութեան նպատակը միշտ ալ եղած է շրջանին բաժանումը կրօնական հիմքի վրայ եւ քրիստոնեաներու տեղափոխումը իրենց բնօրրանէն: Համատէ խօսեցաւ շրջանին մէջ կայսերապաշտութեան դաւադրութիւններուն մասին` նշելով, որ Պաղ պատերազմի ժամանակ «իսլամական չափաւորականութեան» եզրը հնարուեցաւ անկլոսաքսոնական կայսերապաշտութեան կողմէ, եւ հետագային Ամերիկան դարձաւ իսլամական ծայրայեղականութեան գլխաւոր հովանաւորը Խորհրդային Միութեան դէմ:

Հասան Համատէ նշեց. «Համայնքականութիւնը եւ յարանուանականութիւնը մեր մահն են, իսկ լուծումը աշխարհիկ կարգերուն հաստատման մէջ կը կայանայ: Այդ կարգերուն մէջ է, որ բոլոր մարդիկը, ներառեալ քրիստոնեաները իրենց իրաւունքները պիտի ստանան` լիիրաւ քաղաքացիութեան պայմաններուն մէջ»:

Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն` նիւթին շուրջ իրենց կարծիքները արտայայտելու եւ զեկուցաբերներուն իրենց հարցումները ուղղելու: Պատասխանելով ներկայ ակադեմականներէն մէկուն դիտարկումին` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ յաճախ կը նշենք, որ հինէն ի վեր կայսերապաշտութեան նպատակն էր շրջանի երկիրներուն տիրել, սակայն կը մոռնանք նշելու, որ շրջանի ժողովուրդներն ալ մեղաւոր են ասոր մէջ: «Ինչո՞ւ թոյլ տրուեցաւ Սատտամ Հիւսէյնին ներխուժելու Քուէյթ: Ինչո՞ւ թոյլ տրուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն գրաւելու Իրաքը», հարց տուաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս բոլորը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը տկարացնելու: «Քրիստոնեաները պէտք է մնան եւ պայքարելով հոս մեռնին եւ ոչ թէ արտերկրի մէջ», շեշտեց Բագրատունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.