2017-11-24 08:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Պշարա Ռայի Պատրիարքին հետ քննարկեց Լիբանանու հարցը։


Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը հինգշաբթի առաւօտեան ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր եւ լիբանանցի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օրհնութեան աղօթքներուն համար:

Այս առիթով Ռայի պատրիարք Հռոմի պապին փոխանցեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ սէուտցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման Պեն Ապտէլ Ազիզի եւ գահաժառանգ Մոհամմէտ  Պեն Սալմանի հետ իր խորհրդակցութեանց մասին պապին ներկայացուցած իր զեկուցումին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտած է Լիբանանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը`  իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան գծով:  Ռայի պատրիարք նաեւ կարեւորած է Լիբանանի հանգամանքը` շրջանին մէջ որպէս կայունութեան ազդակ, կրօններու եւ քաղաքակրթութեանց հանդիպման վայր եւ երկխօսութեան կեդրոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.