2017-11-24 08:45:00

Հայր Գէորգ Եպիս.Ասատուերանի ցաւակցագիրը Տ. Վարդան Արք. Քէշիշեանի վախճանման առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Մխիթարեան Միաբանութեան նախկին ընդհանուր Աբբահայր Բարձրաշնորհ Տ. Վարդան Արք. Քէշիշեանին վախճանման  ի լուր,  հինգշաբթի, 23 նոյեմբեր 2017-ին, Պէյրութի թեմի կաթողիկէ համայնքի օգնական եպիսկոպոս ՝ Արհիապատիւ Հայր Գէորգ  Եպսիսկոպոս Ասատուրեան ցաւակցագիր  յղեց Մխիթարեան Միաբանութեան Պապական Պատուիրակ Գերապայծառ  Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանին, որուն մէջ մէջ գրեց.

«Սրտի դառն կսկիծով տեղեկացանք Մխիթարեան Միաբանութեան նախկին Ընդհանուր Աբբահայր Բարձրաշնորհ Տ. Վարդան Արք. Քէշիշեանին վախճանումը յառաջացած տարիքին։ Այս տխուր առիթը մեզի կը յիշեցնէ հոգելոյս Սրբազանին անբասիր եւ նուիրեալ վարքը իբրեւ հոգեւորական, ինչպէս նաեւ անոր վաստակը իբրեւ կրթական մշակ, եւ հուսկ պատրաստակամութիւնը նուիրուելու հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի հոգեւոր ծառայութեան՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու Օժանդակ Եպիսկոպոս ձեռնադրութեամբ 2001ին, Լիբանանի մէջ։ Ափսոս որ վերջին տասնամեակին, հոգելոյս Սրբազան Հօր առողջական վիճակը զինք զրկեցին իր նուիրեալ ծառայութիւնները շարունակելու կարողութենէն, մինչեւ փոխումը յաւիտենականութիւն։ Վստահ ենք որ անոր վարքն ու վաստակը օրինակ պիտի ծառայեն Տիրոջ կողմէ կոչուած մշակներուն։

Գերապայծառ Տէր, Ձեզի եւ Մխիթարեան միաբաններուն մեր վշտակցութիւններուն կը միացնենք մեր հաւատքը որ հոգելոյս Սրբազանը իր յաւիտենականութեան հանգստավայրին մէջ բարեխօս պիտի ըլլայ Աստուծոյ մօտ որպէսզի իրեն արժանաւոր յաջորդն պարգեւէ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.