2017-11-23 11:18:00

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 117-ամեակի տօնակատարութիւն։


Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը Նոյեմբեր 19-ին, եպիսկոպոսական Ս. պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 117-րդ տարեդարձը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան առաւօտուն Ս. պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն, ապա նախագահեց ճաշկերոյթին։ Ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ սրկ. Աբգարեան, Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներ եւ սկաուտներ։

Առաջնորդ սրբազանը ՀՄԸՄ-ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու  շքախումբով եւ թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցի եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց՝ զգեստաւորուած պատարագի նոր հանդերձանքով, զոր նուիրուած էր Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը՝ առաջնորդ հօր 60-ամեակին առթիւ։ Ս. դեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանն ու սարկաւագները։

Սրբազան հայրը իր պատգամը սկսաւ շնորհաւորելով ծխական համայնքը՝ եկեղեցւոյ 117-րդ ամեակին առիթով, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն՝ յորդորելով շարունակել նախնեաց ճանապարհն ու ծառայական ուղին։

Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց հայրենի հիւրերն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները, որոնք թելեթոնի առիթով դարձեալ մեր կողքին կը գտնուին. ան նշեց, որ «այս տարուան թելեթոնը յատուկ նշանակութին ունի եւ կը կրէ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը, նկատի ունենալով, որ Արցախի տնտեսութիւնը հիմնականին մէջ կը յենի երկրագործութեան վրայ, ուստի այս տարուան եկամուտը պիտի տրամադրուի ջրամատակարարման ծրագիրներու, ոռոգումի միջոցներու արդիականացման եւ ընդարձակման»։

Շարունակելով իր պատգամը՝ առաջնորդը կեդրոնացաւ օրուան աւետարանական հատուածին Ղուկաս 9։44-50 վրայ, որ խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան պատգամ մըն էր՝ համաձայն Քրիստոսի խօսքին. «Որովհետեւ ո՛վ որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ա՛ն է մեծը»։ Սրբազանը շեշտեց, որ իսկական մեծութիւնը ծառայութեան եւ համեստութեան մէջ կը կայանայ, եւ Քրիստոս մանուկի օրինակը բերելով՝ կը սորվեցնէ մեզի բարեհամբոյր ըլլալ եւ յարգալից վերաբերիլ տկարին ու անիրաւուածին հետ։ «Մեր եկեղեցական ու ազգային ծառայական համակարգին մէջ չկայ մեծի ու փոքրի տարբերութիւն, որովհետեւ բոլորս ալ մէկ Աստուծոյ ու մէկ ազգի զաւակներ ենք, եւ որպէսզի Քրիստոսի ու մեր ազգին հարազատ ծառաները դառնանք՝ պէտք է ծառայենք համեստութեամբ, պարկեշտութեամբ ու մեծ սիրով, ճիշդ Քրիստոսի օրինակով, որ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու մարդկութեան», ըսաւ ան եւ նշեց, որ 117 տարի առաջ, այս եկեղեցւոյ հիմնադիրները ըրին նո՛յնը. անոնք իրենց ձեռքերը միացուցին իբրեւ նոյն ընտանիքի անդամներ, տքնեցան միասին՝ հաւատքով, սիրով ու խոնարհութեամբ, եւ հաստատեցին ծխական համայնքը. ան յորդորեց համայնքի զաւակները, որ հետեւին անոնց օրինակին եւ համայնքը պահեն գօտեպինդ եւ բարգաւաճ։ Առաջնորդ ապա իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով ու օրհնելով յիշատակը եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն եւ բոլոր ՀՄԸՄ-ական ննջեցեալներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին միութեան, ու անոր ճամբով՝ մեր ժողովուրդին, հետեւելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանախօսքին։

Յայտնենք, որ նոյն օրը, ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան խնդրանքով եւ սրբազան հօր տնօրինութեամբ, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Ս. պատարագէն ետք, առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան անդամները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հետ՝ քննարկելով ծխական համայնքի հարցերն ու անմիջական ծրագիրները։ Անոնք բարձր գնահատեցին Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին օրինակելի նուիրումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.