2017-11-23 19:00:00

Խաղաղութեան աղօթք՝ ի նպաստ Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 23 նոյեմբեր 2017-ի յետմիջօրէի 5.30-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի աւագ խորանին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Խաղաղութեան աղօթքի արարողութիւնը ի նպաստ Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան։ Վերոնշեալ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը՝ բերին երկու երկիրներու հաւատացներ որոնք ապա իրենց բարբառներով աղօթքներ արտասանեցին խաղաղութեան Տիրոջմէ հայցելու խաղաղութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին աղօթքներ արտասանուեցան սրտերու դարձին համար՝ որպէսզի յաղթահարուին անտարբերութեան զգացումներն ու բաժանումները. ապա աղօթքներ՝   բռնութեան ու պատերազմի զոհ կիներուն համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար որոնք պատերազմներ կը յառաջացնեն ու անոնց որոնք պատասխանատուութեան տէր են, ըլլայ միջազգային ըլլայ տեղական գետնի վրայ։ Ապա աղօթքներ  մատուցուեցան պատերազմներու բոլոր անմեղ զոհերուն համար ու բոլոր անոնց համար որոնք յանձնառութեամբ կը գործեն վասն խաղաղութեան՝ ըլլայ Հարաւային Սուտանի ըլլայ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ։

Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցաւ նաեւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղօթքը Տիրոջմէ խնդրելով դառնալ խաղաղութեան իսկական գործիք ու սէր սերմանել այնտեղ ուր ատելութիւն կը տիրէ,  ներում ուր կայ անարգանք, ճշմարտութիւն ուր սխալ կը գործուի, յոյս ուր կայ յուսահատութիւն եւ վերջապէս ուրախութիւն, այնտեղ ուր գոյութիւն ունի տխրութիւն…

Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան համար խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւետարանական հատուածի ընթերցումէն ետք ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այս երեկոյ, աղօթքի միջոցաւ, կ՛ուզենք սերմանել խաղաղութեան սերմեր՝ Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ ու պատերազմի բերումով վիրաւոր՝ իւրաքանչիւր երկրի մէջ։   

Քահանայապետը ապա  ընդգծեց աղօթքի զօրութիւնը որուն միջոցաւ կը գործէ Աստուած շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց որոնք ձեռնարկեցին այս աղօթքի հսկումը։  Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկեց «Սաուահիլի» լեզուով արտասանուած մէկ աղօթքին ու նշեց թէ մենք քրիստոնեաներս կը հաւատանք որ խաղաղութիւնը կարելի է՝ որովհետեւ Քրիստոս Յարութիւն առաւ։ Յիսուս Քրիստոս մեր խաղաղութիւնն է ու խաչին վրայ իր վրայ առաւ աշխարհին բոլոր չարիքը, նոյնպէս մեղքերը անոնց որոնք պատերազմ կը յառաջացնեն յարեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Յիսուսին խօսքերուն երբ յարութենէն ետք յայտնուեցաւ բարեկամներուն եւ ըսաւ. «խաղաղութիւնս ձեզի»։ Յիսուս այս բառերը կը կրկնէ նաեւ այսօր, այս երեկոյ՝ մեզի եւս ՝ «խաղաղութիւնս ձեզի» ըսաւ Քահանայապետը ապա աղերս ուղղեց ըսելով. «Առանց քեզի Տէր, մեր աղօթքը ապարդիւն է ու մեր խաղաղութեան յոյսը առասպելական։ Սակայն դուն կ՛ապրիս ու կը գործես մեզի համար ու մեզի հետ, դուն՝ մեր խաղաղութիւնը։ Թող որ Յարուցեալ Տէրը խորտակէ թշնամանութեան պատնէշները որոնք այսօր կը բաժանեն եղբայրները, յատկապէս Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ։ Թող որ Ան օգնութեան հասնի բռնութեան զոհ կիներուն, ազատէ մանուկները եւ օգնէ աշխարհի բլոր փոքրերն ու աղքատները որպէսզի կարողանան շարունակել հաւատալ եւ յուսալ որ մօտ է Աստուծոյ Արքայութիւնը ու թէ ան՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն է, Սուրբ Հոգւոյն մէջ։ Տէրը թիկունք թող կանգնի բոլոր անոնց որոնք ամէն օր ջանք կը դափեն բարիով մարտնչելու չարին դէմ, եղբայրութեան խօսքերով ու գործերով ինչպէս նաեւ յարգանքով, հանդիպումով ու զօրակցութեամբ։

Թող որ Տէրը՝ կառավարիչներու մէջ ու բոլոր պատասխանատուներուն մէջ  զօրացնէ ազնիւ, արդար, խիզախ ու արի ոգին, որպէսզի անոնք փնտռեն խաղաղութիւնը՝ երկխօսութեան ու բանակցութեան միջոցաւ։

Թող որ Տէրը մեզի բոլորիս պարգեւէ շնորհքը ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ, ընտանիքին, դպրոցներուն, աշխատանքի , հասարակութեան ու բոլոր միջավայրերուն մէջ։ Անոր փառք եւ պատիւ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.