2017-11-22 10:38:00

Հրապարակային ունկնդրութիւն։ «Սուրբ պատարագը եւ Քրիստոսի զատկուայ խորհուրդը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Որովհետեւ ես՝ Օրէնքին միջոցով՝ մեռայ Օրէնքին, որպէսզի ապրիմ Աստուծոյ համար: Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար: Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ ջնջեր. որովհետեւ եթէ արդարութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն Քրիստոս ընդունայն մեռաւ:

Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն ուղղուած այս խօսքերէն ներշնչուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 22 նոյեմբեր 2017-ին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւնը, շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի մասին ու հարց տալով «ի՞նչ է սուրբ պատարագը» ու պատասխանեց. «Քրիստոսի զատկուայ խորհուրդի յիշատակն է, որ մեզ բաժնեկից կը դարձնէ Անոր յաղթանակին՝ մեղքին ու մահուան վրայ ու լիակատար իմաստ կը պարգեւէ մեր կեանքին։

«Հասկնալու համար պատարագի արժէքը հարկաւոր է հասկնալ նախ եւ առաջ «յիշատակումի» աստուածաշնչական իմաստը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ այդ մէկը միայն անցեալի յիշատակումը չէ՝ ու թէ Յիսուս Քրիստոս՝ իր չարչարանքով, մահով ու յարութեամբ ապա համբարձումով իր լիութեան հասցուց Զատիկը՝ ու պատարագը այդ զատկուայ յիշատակումն է, Յիսուսի այն «ելքին»՝ որուն միջոցաւ Ան մեզ դուրս բերաւ ստրկութենէն ու մեզի առաջնորդեց խոստացուած յաւիտենական կեանքին։ 

Սուրբ Հաղորդութիւնը ապա մեզի կը հասցնէ Աստուծոյ փրկարար ներգործութեան գագաթնակէտին, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, մէջբերելով  Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին խօսքը «ամէն անգամ որ խաչին զոհաբերումը որով Քրիստոս՝մեր զատկուայ գառնուկը զոհուեցաւ, կը վերանորոգուի մեր փրկութեան գործը»։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ պատարագի մասնակցիլը կը նշանակէ մուտք գործել Յարուցեալի յաղթանակին մէջ ու լուսաւորուիլ Անոր լոյսով եւ անոր ջերմութեամբ տաքութիւն ընդունիլ։

Սուրբ պատարագի միջոցաւ Սուրբ Հոգին մեզ բաժնեկից կը դարձնէ աստուածային կեանքին, մենք այդ պահուն Յիսուսին հետն ենք, Յիսուս կ՛ապրի մեր մէջ եւ մենք իրեն մէջ, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոսը։ Քրիստոսին արիւնը մեզ կ՛ազատէ մահէն, կ՛ազատէ ոչ միայն  ֆիզիկական այլեւ հոգեկան մահէն՝ որուն մեզ կը մղէ չարն ու մեղքը, նշեց Քահանայապետը դիտել տալով թէ Քրիստոս մեզի կեանք կը պարգեւէ՝ լիակատար կեանք, որովհետեւ Քրիստոսի Զատիկը վերջնական յաղթանակն է մահուան վրայ, որովհետեւ Ան մահը վերափոխեց սիրոյ վեհանձն արարքի։ Ան մեռաւ սիրոյ համար ու պատարագին մէջ Ան մեզի կ՛ուզէ հաղորդել իր այս զատկական ու յաղթական սէրը - ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց, «Եթէ մենք զայն ընկալենք հաւատքով մենք եւս կարող ենք իսկապէս սիրել զԱստուած ու մեր ընկերը, կարող ենք սիրել ինչպէս Ինք մեզ սիրեց, իր կեանքը տալով մեզի համար։

«Ահա այս է պատարագը՝ մուտք գործել Յիսուսի այդ չարչարանքի, մահուան, յարութեան ու համբարձումին մէջ եւ երբ պատարագի երթանք, մենք ապրելու ենք այդ պահերը, առանց ենթարկուելու ձրուումի, զրուցելու կամ նկարահանումներ ընելու, այլ կը մասնակցելու Յիսուսին այդ ապրումներուն,  մուտք գործելով Անոր զատկական խորհուրդին մէջ, ուր Ան ինքզինք զոհեց մեզի համար։Այս է պատարագը՝ չարչարանք ու զոհ, ոչ թէ թատերական ներկայացում» ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, յատուկ օրէն ողջունելով երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները, հրաւիրելով առաջինները նմանելու Սրբուհի Սեսիլին՝ որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր, աճելով հաւատքի եւ ուրիշին նուիրումի մէջ։ Հիւանդները խրախուսեց տառապանքի մէջ գտնելու Քրիստոսի մօտիկութիւնը ապա նորապսակներուն յորդորեց Սրբուհի Սեսիլի սիրոյ բիւրեղ հայեացքը ունենալ՝ ու սորվիլ սիրել անվերապահ կերպով։








All the contents on this site are copyrighted ©.