2017-11-22 09:13:00

Ռուհանի եւ զօր. Սոլէյմանի կը յայտարարեն ՏԱՀԵՇ-ի «դարաշրջան»-ի աւարտը


Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ուժերու հրամանատար զօրավար-հազարապետ Ղասեմ Սոլէյմանի յայտարարած է ՏԱՀԵՇ-ի իշխանութեան ոչնչացման եւ ահաբեկչական այդ խմբաւորման «դարաշրջան»-ի աւարտը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ը:

ԻՍՆԱ կը հաղորդէ, որ ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին յղած իր նամակին մէջ:

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ վերջնական յաղթանակը ան պայմանաւորած է Խամենէիի իմաստուն ղեկավարութեամբ, Իրաքի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն, կառավարութիւններուն, զինեալ ուժերուն, աշխարհազօրին եւ իսլամական սրբավայրերը պաշտպանող նահատակներուն ցուցաբերած դիմադրութեամբ:

Զօր. Սոլէյմանի այդ յայտարարութիւնը կատարած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վերջին յենակէտը նկատուող Պուքամալ քաղաքի ամբողջական ազատագրումէն ետք:

Յիշեցնենք, որ մարտական աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էին, թէ զօր. Սոլէյմանին անձամբ ղեկավարած է Պուքամալի ազատագրման գործողութիւնը:

Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին իր կարգին շնորհաւորեց Խամէնէին, Յեղափոխական պահակագունդը, բանակն ու բոլոր առնչակից կողմերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակին համար: «Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ուժերու հրամանատար, մեր սիրելի եղբայր Ղասեմ Սուլէյմանին այս ճամբուն վրայ բազմաթիւ բեռներ կրեց», ընդգծեց Ռուհանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.