2017-11-22 13:10:00

Միջ կրօնական երկխօսութիւնը առանցքը կը կազմէ Քահանայապետի յաջորդ առաքելական ճամբորդութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 26 նոյեմբերէն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական  ճամբորդութիւն պիտի կատարէ նախ Մայանմարի հանրապետութեան ապա Պանկլատէշին, երկու երկիրներուն մէջ ամրապնդելու համար այնտեղ ապրող եւ փոքրամասնութիւն կազմող կաթողիկէ հաւատացեալներուն հաւատքը ապա միջկրօնական հանդիպումներ ունենալու՝  Պուտտայական՝ Մայանմարի համար եւ Իսլամական Պանկլատէշի համար, համայնքապետերու ու կրօնական   պատասխանատուներուն հետ։

Այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քահանայապետութան 21-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը ու 30 եւ 31րդ այցելած երկիրները։

Մայանմարի պարագային Ֆրանչիսկոս Պապ առաջին քահանայապետն է որ կ՛այցելէ երկիրը մինչ Պանկլատէշը այցելած են Պօղոս Զ՝ 1970-ին ու  Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ 19 նոյեմբեր 1986-ին։

Ընդառաջելով վերոնշեալ երկու երկիրներու նախագահներու ու եպիսկոպոսներու հրաւէրներուն Նորին Սրբութիւնը հովուական բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւնը պիտի կատարէ «արուարձանային» նկատուած երկու երկիրներու կաթողիկէ եկեղեցիներուն։ Նշենք թէ Մայանմարի բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 89 առ հարիւրը կը հետեւին Պուտտայական կրօնին մինչ Պանկլատէշի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմուած է մահմետականներէ։

Մայանմարի մէջ 51 միլիոն բնակչութեան վրայ միայն 660 հազարը կաթողիկէ են մօտ 1.27 առ հարիւրը։ Այնտեղ ստեղծուած  16 եկեղեցական թեմերու մէջ կը գործեն 23 եպիսկոպոսներ, մինչ Պանկլատէշի մէջ կ՛ապրին 350 հազար կաթողիկէներ որոնք կը կազմեն բնակչութեան 0.23 առ հարիւրը։ Եկեղեցին կազմուած է 8 թեմերէ որոնք կառավարուած են  12 եպիսկոպոսներէ։

Մայանմարի ճամբորդութեան կարգախօսն է «սէր ու խաղաղութիւն» մինչ Պանկլատէշի կարգախօսը «Խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն»։ Երկու երկիրներու ճամբորդութեան նշանաբանին վրայ տեղադրուած է աղաւնին՝ որ է խաղաղութեան խորհրդանիշը։

Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ ընդամէնը 11 ճառեր՝ հինգը Մայանմարի մէջ եւ վեցն Պանկլատէշի մէջ։

Մայանմարի ու Պանկլատէշի ճամբորդութեան յայտագիրին մէջ նախատեսուած են ապա երկու երկիրներու կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ընդգծելու համար միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Երկու երկիրներու այցելութիւնները պիտի եզրափակուին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի 26 նոյեմբերի երեկոյեան ու վերադարձ կը կատարէ 2 դեկտեմբերի երեկոյեան։ Իր հետ պիտի ճամբորդեն 66 լրագրողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.