2017-11-22 10:09:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Սէրը՝ Գործի Հագուստով

Աստուած մերկ ստեղծեր է մարդուն: Բոլոր կենդանիներուն մարմինները պաշտպանուած են. ոմանք մուշտակով, ուրիշներ բուրդով, ոմանք ալ հաստ մաշկով կամ մազով, բայց մարդկային մարմինը՝ մերկ է, փափուկ մորթով միայն ծածկած ըլլալով ներքին գործարանները: Մեր նախածնողներուն մեղանչումէն ետք, Աստուած անոնց համար կաշիէ հանդերձներ շինեց եւ հագցուց (Ծն 3.21), ծածկելու համար անոնց մերկութիւնը:

Պաշտօնական համազգեստները, կամ որեւէ հաստատութեան համար կարուած տարազները իրենց ներդաշնակութեամբ հիացում կը պատճառեն դիտողներուն:

Կան պատշաճ հագուստները եւ անպատշաճ հագուստները , անոնք   իրենց մասնաւոր հագնողները ունին: Ամբողջութեամբ թողուած է սեփական ճաշակի:

Թէպէտ լսուած խօսք մը կայ, որ կ՛ըսէ. «Քու նախասիրած կերակուրը կեր, սակայն ուրիշին ճաշակով հագուիր»:

Մարդոց գործածած հագուստներուն մէջ մեծ տարբերութիւններ կան: Տարբեր արհեստներ եւս ունին իրենց յատուկ զգեստները: «Գործի» այս հագուստներուն մէջ կան աստիճանաւորումներ, որոնք դարձեալ մեծ նշանակութիւն ունին: Օրինակ, ծառայական կեանքի զգեստները՝ հոգեւորականներու սքեմը, բժիշկներու սպիտակ վերնաշապիկը, ոստիկանին համազգեստը եւ այլ ծառայական մակարդակի զգեստներ խորհրդանշական իմաստներ ունին նաեւ:

Մարդիկ միայն իրենց մարմինը ծածկող հագուստներ չեն հագնիր, այլ նաեւ բարոյական զգեստներ, որոնք կը պաշտպանեն մարդու ինքնութիւնը ու նաեւ կը կերտեն իսկական մարդը:

Առաքինութիւնները իրենք մէկական զգեստներ են, զորս Աստուած կարած է եւ իր Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ հագցուցած ընտրեալ մարդոց: «Մերկութեան» վիճակէն մարդիկ դուրս կու գան երկու ձեւով.

ա) Իրենց սեփական գիտակցութիւնը ուշքի հրաւիրելով, բ) Իրենց վրայ խղճացող բարեմիտ մարդոց հանդիպելով:

Երկու պարագային ալ բախտաւոր պէտք է համարենք տուեալ անձերը, որոնք վերջապէս կը յաջողին իրենց «մերկութիւնը» ծածկել: Առաքինութիւններու ցուցակը գլխաւորող սէրը, վերացական գաղափար ըլլալով հանդերձ, գործունէութիւն մը ցոյց կու տայ: Սիրողը կը տագնապի, կը տառապի անքնութեամբ, կը տքնի օրուան ընթացքին, մինչեւ որ իր նպատակին հասնի:

Սիրոյ առաքինութեան այս գործունութիւնը երբ սեփական նպատակներու իրագործման համար չէ, այլ ուրիշին բարօրութեան համար կը կատարուի, սէրը կը զգենու «գործի հագուստ» մը, որ  ծառայութիւնն է:

Ծառայասէր մարդը բոլորին կողմէ կը սիրուի:

Ծառայասիրութեան մէջ կայ նուիրում, զոհաբերութիւն, ընկերասիրութիւն եւ այն բոլոր անանձնական առաքինութիւնները, որոնց համար երկնային վարձատրութեան յոյսը կը բորբոքի մարդկային բարեպաշտ հոգիին մէջ:

Սիրոյ «գործի զգեստը» ամէն մարդու վրայ չ՛ըլլար:

Թէեւ առաձգականութիւն ունի այս «զգեստը», սակայն միայն յօժարակամ հագնողին կը վայելէ: Ծառայութիւն մատուցելը, ամէնէն պարզ ծառայութենէն մինչեւ դժուարագոյնը, մարդ անհատէն կը պահանջէ համբերատարութիւն ու մանաւանդ զոհաբերութեան ոգի:

Սիրոյ «գործի հագուստը» այնքան գրաւիչ է եւ դրական իմաստով «ցանկայարոյց», որ ընտրեալ մարդիկ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները առանց նկատի ունենալու իրենց ուսերուն կ՛առնեն զայն եւ կը նետուին ծառայութեան ահեղավազ յորձանուտին մէջ…։








All the contents on this site are copyrighted ©.