2017-11-22 09:31:00

Աթէշեանը Տիարպեքիրի մէջ այցելած է թալանուած ու աւերուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի


Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարած Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան Տիարպեքիրի մէջ այցելած է Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցի, որ տարածաշրջանին մէջ թրքական ուժերու գործողութիւններուն ընթացքին կողոպտուած ու մեծ վնասներ կրած է: Այս մասին կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս» թերթը:

Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ ներկայիս կան կրակոցներու հետեւանքով յառաջացած անցքեր, կոտրուած են ապակիները:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ շրջելէ ետք՝ Աթէշեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր նշուած է. «Այսօր, այս թաղամասին մէջ գտնուող Աստուծոյ աղօթարանները` եկեղեցիները, մզկիթները աւերակներու վերածուած են: Նման բան ընողին մենք մարդ չենք կրնար անուանել: Ամէն բան աւերուած է: Այս ամէնը ընողը Աստուծոյ արարած մարդը չի կրնար ըլլալ»:

Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը յորդորած է պատկան մարմինները, ներառեալ մշակոյթի նախարարութիւնը, հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրինութիւնը եւ ոստիկանութիւնը անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու` սկսելու եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:

Նշենք, որ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն է: 2012 Նոյեմբեր 4-ին` 32 տարուան ընդմիջումէ ետք՝ այստեղ կատարուած էր վերանորոգման յաջորդած եկեղեցական առաջին արարողութիւնը: Նոյն օրը, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ առաջին պսակադրութիւնը:

2015-էն ի վեր, եկեղեցւոյ տարածքին վերսկսած են բախումներ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.