2017-11-22 12:41:00

«Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը Ասիա՝ յոյսի կամուրջ է» Կարդինալ Թակլէ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Մայանմար եւ Պանկլատեշ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ի տես,  երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, Հռոմի Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանէն ներս, տեղի ունեցաւ «Փոքրամասնութիւն մը, որ կ՝աւետարանէ։ Եկեղեցւոյ միսիոնարական  զօրութենականութիւնը՝ Ֆրանչիսկոս Պապի վարդապետութեան մէջ» նիւթով դասախօսութիւն ։ Օրուան դասախօսն  էր  Միջազգային գարիթասի նախագահ՝ կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն ։

Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ  ընդգծեց  փոքրամասնութիւններու՝ աւետարանացումի կարողութիւնը, դիտել տալով,  որ բարի լուրի բաժնեկցութիւնը, մարդ էակի մաս կազմող իրողութիւն մըն է։ Ան ապա անդրառանալով Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ հռչակուած աղքատներու միջազգային օրուան, նշեց,  թէ Նորին Սրբութիւնը միշտ  շեշտած է  եւ կը փափաքի   աղքատներու համար եկեղեցի»  ու այս առընչութեամբ

առաջարկեց   եկեղեցւոյ  հովուական եւ միսինոնարական խղճի քննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը։   Ան  շեշտեց անձերու  հետ հանդիպման անհրաժեշտութիւնը՝  հանդիպումի մշակոյթը։

Անդրադարձ կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի Մայանմար եւ Պանկլատեշ կատարելիք ճամբորդութեան,  ուր քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն են,  կարդինալ Թակլէ  յայտնեց,  թէ «այս երկու երկիրներու  քաղաքական   եւ մարդասիրական իրավիճակը անկայուն  է  եւ թէ երկու երկիրներուն մէջ  եկեղեցին փոքր ներկայութիւն մըն է»,  յոյս յայտնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն երկիրներու մէջ ներկայութիւնը, ստեղծէ այն կամուրջը որ ներկայացուած է Աւետարանին մէջ։ Աւետարանը արդարեւ մարդիկը կը մղէ յուսալու եւ սիրելու հաստատեց Միջազգային Քարիթասի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.