2017-11-21 12:35:00

Պետական Քարտուղարութեան երրորդ բաժանմունքի ստեղծում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի՝ 21 նոյեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստեղծած է Պետական Քարտուղարութեան երրորդ բաժանմունքը  «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմի բաժանմունք» անուան տակ, ամրապնդելով Քահանայապետական ներկայացուցչութիւններու ներկայ  Պատուիրակի գրասենեակի իրաւասութիւնը։

Բաժանմունքը որ անմիջապէս կախեալ պիտի ըլլայ Պետական Քարտուղարէն, պիտի կառավարուի Քահանայապետական  ներկայացուցչութիւններու Պատուիրակի կողմէ, որ ներկայիս՝ Գերապայծառ Եան Ռոմէօ Փաուլոնսքին է։

Անոր նպատակը պիտի ըլլայ Սրբազան Քահանայապետին ու Պետական Քարտուղարութեան Մեծաւորներու մօտիկութիւնը ցուցաբերել՝ դիւանագիտական անձնակազմին եւ այս առընչութեամբ Պատուիրակը կարող է հերթական այցելութիւններ կազմակերպել Քահանայապետական ներկայացուցչութիւններու կենդրոններուն։

Պետական Քարտուղարութեան Երրորդ Բաժանմունքի պարտականութիւնն է յատուկօրէն զբաղիլ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական անձնակազմի անդամներուն հայող հարցերով, ինչպէս՝ զօր օրինակ. դիւանագէտներու ընտրութիւնը, անոնց սկզբնական կազմաւորումը, անոնց կեանքի պայմանները եւայլն….

Իր այս պարտականութիւնը իրագործելու մէջ բաժանմունքը պիտի ունենայ իր արդար ինքնավարութիւնը ու միեւնոյն ատեն  համագործակցութիւն պիտի հաստատէ «Ընդհանուր Հարցերու Բաժանմունքի» ու «Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու» բաժանմունքներուն հետ։  Այս ուղղութեամբ Քահանայապետական  ներկայացուցչութիւններու Պատուիրակը եւս իրաւունք ունի մասնակցելու Պետական Քարտուղարին նախագահած շաբաթական համակարգումի հանդիպումներուն։  Ան ապա իրաւունք ունի  իր նախագահութեամբ ծրագրելու եւ կազմակերպելու հաւաքներ, պատրաստելու համար Քահանայապետական Ներկայացուցիչներու անուանումները։

Ի վերջոյ Քահանայապետական  ներկայացուցչութիւններու Պատուիրակը Եկեղեցական Քահանայապետական ակադեմիայի նախագահին հետ միասին  կը ստանձնէ պատասխանատուինը  թեկնածուներու ընտրութեան ու անոնց վերակազմաւորումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.