2017-11-21 08:08:00

«Սարկաւագութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մտածումով» հատորին ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 20 նոյեմբեր 2017-ի յետմիջօրէի 3-ին, Ռատիօ Վատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ կայացած  մամլոյ ասուլիսի ընթացքին  տեղի ունեցաւ  «Սարկաւագութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին մտածումով» գիրքին ներկայացումը որուն յառաջաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը։

Գիրքին մէջ ամփոփուած են Քահանայապետին  «սարկաւագութեան» մասին միջամտութիւնները ըլլայ անոր Պուէնըս Այրէսի մէջ եպիսկոպոսութեան ընթացքին ըլլայ Քահանայապետութեան տարիներու ընթացքին։

Ինչպէս նշեցինք գիրքին յառաջաբանը  ստորագրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով սարկաւագութեան կարեւորութիւնը ու անոր իմաստին խորացումի անհրաժեշտութիւնը։

Եկեղեցին, կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ, մնայուն սարկաւագութեան մէջ կը տեսնէ արտայայտութիւնն ու միեւնոյն ատեն զարկերակը՝ ինք եւս դառնալու շօշափելի նշան՝ մարդոց պատմութեան մէջ Քրիստոս Ծառայի սարկաւագութեան։

Եկեղեցւոյ համայն ծառայութիւնը իր բաբախումը կը գտնէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ, ու այդ մէկը կ՛իրականանայ, ամենէն առաջ, աղքատներու ծառայութեամբ, որոնք կը կրեն տառապող Քրիստոսի դիմագիծը» կը գրէ նաեւ Սրբազան Պապը վերոնշեալ գիրքին յառաջաբանին մէջ որուն հեղինակն ՝  Էնցօ Փեթրոլինօ, ամուսնացեալ մնայուն սարկաւագ եւ նախագահը  Իտալացի սարկաւագներու հասարակութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.