2017-11-20 13:30:00

Կարդինալ Քորտերօ Լանզա Տի Մոնթեզեմելոյի մահուան ի լուր Քահանայապետին հեռագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) 92 ամեայ կարդինալ Անտրեա Քորտերօ Լանզա Տի Մոնթեզեմելոն իր հոգին աւանդեց առ Հայր՝  կիրակի 19 նոյեմբեր 2017-ին։

Հանգուցեալը Տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ եղած է փայլուն դէմքերէն մին, պաշտօնավարած  է  որպէս Սուրբ Երկրի Առաքելական դեսպան ու եղած է  Սուրբ Պօղոսի պազիլիքայի Աւագերէց։

Անոր մահով կարդինալական դասի անդամներու թիւը կ՛իջնէ 217-ի, որոնցմէ 120- Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ եւ 97 ոչ ընտրող։

Ան ծնած էր  27 օգոստոս 1925-ին, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ։ Քահանայայ  ձեռնադրուած է ՝13 մարտ 1954-ին։  Կարդինալական դասի մաս կազմած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով՝ 2006-ին։    

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ 21 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։  

Այս առիթով,  Ֆրանչիսկոս Պապ  ցաւակցագիր  մը յղեց   հանգուցեալի  ընտանեկան պարագաներուն,  որուն  մէջ իր ցաւակցութիւնը յայտնած կարդինալի կորուստին համար մեծարելով  Կարդինալին՝ եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը ցաւակցագիրը աւարտեց ապահովուելով իր  աղօթքը հանգուցեալին հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար եւ շնորհելով առաքելական օրհնութիւնները հանգուցեալին ընտանեկան  պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կ՝ողբան անոր մահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.