2017-11-20 09:05:00

Արցախի տագնապին լուծումը առաջնահերթ է Մոսկուայի համար


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով յառաջընթացի հնարաւորութիւն կը տեսնէ:

«Բազմաթիւ մօտեցումները, որոնք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ պէտք է արդիւնք տան, արդէն ուրուագծուած են»,- Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Լաւրով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռիա նովոսթի»-ն, Լաւրով նշած է, որ հակամարտութիւնը ոչ մէկուն ձեռնտու է: «Պէտք է փնտռել լուծումներ, առաւել եւս, որ շատ եւ շատ մօտեցումներ, որոնք պէտք է արդիւնք տան, արդէն իսկ ուրուագծուած են»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ որպէս երեք համանախագահներէն մէկը` Ռուսիան պիտի աշխատի կողմերուն համար ընդունելի կարգաւորման խաղաղ ճանապարհի ուղղութեամբ:

Ռուսիոն արտաքին գործոց նախարար Լաւրով Նոյեմբեր 21-ին պիտի ժամանէ Հայաստան








All the contents on this site are copyrighted ©.