2017-11-19 10:51:00

«Սիրել աղքատը կը նշանակէ պայքարիլ բոլոր աղքատութիւններուն դէմ» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 19 նոյեմբեր 2017-ին համայն կաթողիկէ եկեղեցին կը նշէ աղքատներու համաշխարհային օրը որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հաստատեց՝  Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանի աւարտին հրապարակած “Misericordia et misera” առաքելական թուղթով՝ 21 նոյեմբեր 2016-ին։

Այս համաշխարհային օրուան առիթով Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութեան մասնակցութեամբ զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 4000 աղքատներու ու անոնցմով զբաղող կամաւորներու.ջ, որոնք ապա հիւրը  հանդիսացան Վատիկանին ու այլ եկեղեցական ու բարեսիրական հաստատութիւններու։

Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց. «Ուրախութիւնը ունինք կիսելու հացն ու Խօսքը ու քիչ ետք պիտի ընդունինք սուրբ հաղորդութիւնը որ է սնունդ մեր կեանքի ուղեւորութեան եւ որուն կարիքն ունինք բոլորս անխտիր, որովհետեւ ամէնքս ալ մուրացկան ենք էականին՝ Աստուծոյ սիրոյն որ մեզի կը պարգեւէ կեանքի իմաստ ու յաւիտենական կեանք։ Ասոր համար Անոր երկարենք մեր ձեռքերը ընկալելու համար Անոր շնորհքները» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ այսօրուան աւետարանական առակը եւս կը խօսի պարգեւներու մասին ու մեզի կ՛ըսէ թէ մենք հասցետէրեր ենք Աստուծոյ քանքարներուն, իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններուն համաձայն։ Ասոր համար ոչ մէկը ինքզինք կարող է զգալ անարժէք, մենք ընտրուած ենք ու օրհնուած ենք Աստուծմէ՝ որ մեզ կ՛ուզէ լիացնել իր պարգեւներով։ Անոր աչքերուն համար ոչ մէկ զաւակ կարող է արհամարհուիլ եւ իւրաքանչիւրս ունի իր առաքելութիւնը - յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ  Աստուած «որպէս սիրող ու պահանջկոտ Հայր մը կ՛ուզէ որ մենք պատասխանատուութիւն ստանձնենք»։

Առակին մէջ ամէն մէկ ծառայի կը յանձնուի քանքար մը՝ որպէսզի զանոնք կրկնապատկեն։ Մինչ առաջին երկուքը կ՛իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը, երրորդը՝ վախէն մղուած, տիրոջ կը վերադարձնէ քանքարը, ու տէրը անոր կը վերապահէ խիստ խօսքեր. «Չար եւ ծոյլ ծառայ»։ Անոր սխալը եղաւ բարիք չի գործել։  Մենք եւս շատ անգամ կը մտածենք թէ գէշ բան չենք ըրած ու այս մէկով կը բաւարարուինք, կարծելով ըլլալ բարի եւ արդար, սակայն այս ընելով մենք կը նմանինք այդ չար ծառային։ Ան ալ գէշ բան մը չ՛ըրաւ սակայն այս մէկը չի բաւեր, որովհետեւ Աստուած Հայր մըն է որ կը շարունակէ փնտռել իր զաւակները, անոնց յանձնելու համար իր բարիքներն ու ծրագիրները ու շատ տխուր իրողութիւն է երբ սիրոյ Հայրը իր զաւակներէն չ՛ընդունի վեհանձն սիրոյ պատասխան մը ու անոնք պարզապէս  բաւարարուին յարգելով օրէնքները ու գործադրելով պատուիրանները, կարծէք թէ վարձկաններ ըլլային - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց թէ «Առակին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ թէ հաճելի Աստուծոյ ան անձը որ քանքարները շահագործեց ու կրկնապատկեց, որովհետեւ նոյն մտայնութեամբ կը շարժի, ինքզինք կը վտանգէ սիրոյ համար եւ իր կեանքը կը վտանգէ ուրիշներուն համար։ Ան կ՛անտեսէ միայն մէկ բան՝ իր շահերը։

Հետեւինք ուրեմն Տիրոջ աւետարանական թելադրանքներուն «Այն ամէն բան որ ըրիք այդ փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ինծի ըրիք» (Մատթ 25, 40)։ Այդ փոքրիկ եղբայրները՝ անօթին ու հիւանդն է, պանդուխտն ու բանտարկեալն է, աղքատն ու լքուածն է, տառապեալն ու բացառուածն է։ Անոնց դիմագիծերուն մէջ կարելի է տեսնել Տիրոջ դիմագիծը, անոնց շրթունքներուն վրայ, նոյնիսկ եթէ անշարժ են՝ Անոր խօսերը «այս է իմ մարմինս» (Մատթ 26,26)։ Աղքատին միջոցաւ Յիսուս մեր սրտին դուռը կը բախէ ու ծարաւ վիճակի մէջ մեզմէ կը խնդրէ սէր։

Երբ յաղթահարենք անտարբերութիւնը ու Յիսուսի անունով կը նուիրուինք մեր փոքրիկ եղբայրներուն մենք կը դառնանք Յիսուսին հաւատարիմ ու բարի բարեկամները - ըսաւ Քահանայապետը։ Աղքատներուն մէջ  Յիսուս կը յայտնուի՝ Ինք որ իր կարգին դարձաւ աղքատ եւ ասոր համար անոնց մէջ, անոնց տկարութեան մէջ կայ «փրկարար զօրութիւն» մը։ Անոնք են որ մեզի կը բանան երկնքի ճանապարհը։ Մեզի համար աւետարանական պարտականութիւն է հոգ տանիլ անոնց՝ որովհետեւ անոնք մեր իսկական հարստութիւնն են, ու այս ընելու ենք ոչ միայն անոնց նուիրելով հացը այլեւ բեկանելով նաեւ Խօսքի հացը։

Սիրել աղքատը կը նշանակէ պայքարիլ բոլոր աղքատութիւններու դէմ, ըլլան անոնք հոգեւոր կամ նիւթական։  Աղքատը մեզի կը յիշեցնէ էականը՝ սիրել զԱստուած ու մեր ընկերը։ Այս է էականը միւս բոլորը անցողական են, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, յորդորելով  այս ուղղութեամբ ներդրում կատարել՝ որպէսզի շահինք երկնքի արքայութիւնը։ Որովհետեւ Երկնքի համար արժէք չունի մեր ունեցածը այլ մեր տուածը. «Այն որ գանձեր կը թիզէ երկրի վրայ  Աստուծոյ առջեւ հարուստ չի նկատուիր»։ Չի փնտռենք ուրեմն մակերեսայինը մեզի համար, այլ ուրիշներուն բարիքը։ Տէրը որ կը կարեկցի մեր աղքատութեան ու մեզ կը լիացնէ իր քանքարներով թող մեզի պարգեւէ իմաստութիւն՝ փնտռելու համար այն ինչ որ արժէքաւոր է ու քաջութիւն՝ սիրելու ոչ թէ խօսքով այլ գործով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.