2017-11-18 11:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Արժանթինեան սուզանաւի անձնակազմի անյայտ ճակատագրին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Արժանթինի ռազմավարական նաւատորմը՝ ուրբաթ 18 նոյեմբերին հաղորդեց թէ կապերը կորսնցուցած է  երկրի հարաւը գտնուող Patagonia-յի ծովային տարածքին մէջ նաւարկող՝  «Ara San Juan»  սուզանաւի 44 հոգիէ բաղկացած անձնակազմին հետ ու թէ սուզանաւի փնտռտուքի աշխատանքներուն կը մասնակցին  ռազմական նաւեր եւ օդանաւեր։

Իմանալով վերոնշեալ լուրը Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  պատգամ մը յղեց՝ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Արժանթինի Զինուորական Մատրանապետ՝ գերապայծառ Սանթիակօ Օլիվերային որուն մէջ վստահեցուց Նորին Սրբութեան աղօթքները  «Ara San Juan» սուզանաւի անձնակազմին համար ու անոր մօտիկութիւնը անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու երկրի զինուորական իշխանութիւններուն ու քաղաքացիական հասարակութեան, այս դժուար պահուն առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ նաեւ բոլոր ջանքերը որոնք կը ձգտին գտնել սուզանաւը - գրեց ապա Վատիկանի Պետքարտուղարը աւելցնելով որ «Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական հովանին ու բարեխօսութիւնը Տիրոջմէ կը խնդրէ որ այս առիթով բոլորին պարգեւէ հոգեկան անդորրութիւն ու քրիստոնէական յոյս, ապա բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնները»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.