2017-11-18 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Քահանայապետական մշակոյթի տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ,18 նոյեմբերին, վերջ գտաւ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի տարեկան ընդհանուր նիստը, որ տեղի ունեցաւ վատիկանի մէջ գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ժանֆրանօ Ռավազիին։

Այս առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ շաբաթ 18 նոյեմբերին ՝ վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց վերոնշեալ ժողովին մասնակիցներուն, ու անոնց արտասանած ճառին մէջ անդրադարձաւ ժողովի ընթացքին քննարկուած նիւթերուն,  ինչպէս մարդաբանականութեան հարցեր,  առաջին կարգին սերնդաբանութիւն  եւ գիտութիւն,  նեարդագիտութիւն ինչպէս նաեւ ինքնավար ու ծանր գործիքներուն  յառաջդիմութիւնը,  որոնք մաս կազմելով առօրեայ կեանքին, մտածել կու տան մարդկային յատկանիշներու մասին,  որ մեզ կը  զատորոշէ գործիքներէն – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց գիտութեան եւ արհեստավարժութեան  արձանագրած յաջողութիւններուն,  որոնք որոշ անձերուն համար  կը նկատուին մարդկութեան պատմութեան իւրայատուկ դարաշրջան, ապա  յայտնեց թէ մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի ծանր հարցերու ու հարցադրումներու,  եւ ասոր համար եկեղեցին ուշադրութեամբ կը հետեւի մարդոց ուարխութիւններուն, յոյսերուն ինչպէս նաեւ անոնց ապրած  վախերուն ու անձկութիւններուն։ «Եկեղեցին  կ՝ուզէ մարդ անհատը  եւ իրեն  առնչուող հարցերը  զետեղել  իր կեդրոնական մտածումներուն մէջ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու անդրադրաձ կատարեց ժամանակակից  մարդաբանականութեան՝ նշելով թէ    անիկա փոփոխական եւ խաւար հորիզոն  դարձած է ՝ ի տես ընկերային եւ տնտեսական փոփոխութիւններուն եւ ի տես ժողովուրդներու տեղափոխութիւններուն ինչպէս նաեւ գիտութեան եւ արհեստավարժութիւն կողմէ յայտնաբերուած նորութիւններուն։   

Պատասխանելու համար մարդոց   նոր մարտահրաւէրներուն ու հարցումներուն   նորին Սրբութիւն  նախ անհրաժեշտ նկատեց  գնահատել գիտութեան այր մարդիկն ու կիները՝ մարդկութեան ի նպաստ ի գործ դրած  ջանքերուն համար,  ընդգծելով որ մարդ արարածը  ստեղծուած է Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Տէրը Աշխարհը ստեղծեց սիրոյ   համար , եւ ստեղծագործութեան  բովանդակ խնամքը պէտք է հետեւի  սիրոյ եւ  ծառայութեան տրամաբանութեան  եւ ոչ թէ բռնութեան տիրապետութեան։    

 

Ֆրանիչսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ գիտութիւնն ու արհեստավարժութիւնը օգտաակար դարձան  խորացնելու բնութեան սահմաններու ճանաչողութիւնը՝  յատուկէն մարդ էակը,  ու այս ծիրէն ներս կարեւոր նկատեց կրօնային աւանութիւններուն մէջ պահպանուած իմաստութենէն գանձեր  քաղելը ,  ու զանոնք քաղել նաեւ ժողովրդային իմաստութենէն, գրականութենէն  եւ արուեստներէն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիկսոս Պապ  անդրադարձաւ Գիտութեան եւ Աստուածաբանութեան երկու մշակոյթներուն միջեւ երկխօսութեան, հաստատելով որ եկեղեցին  այս առնչութեամբ կը  շնորհէ մի քանի սկզբունքներ որոնց գլխաւորն է  մարդ անհատի կեդրոնկանութիւնը ապա  տիեզերքի բարիքներու սահմանումը հուսկ վերյիշեց երանելի Պօղոս Զ պապին խօսքը «իսկական յառաջդիմութեան համաչափը  կը կայանայ այն իրողութեան մէջ որ ան  նպատակաուղղուած  ըլլայ իւրաքանչիւր մարդու եւ բովանդակ մարդու բարիքին»։

 Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին,  ներկաներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնն ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.