2017-11-18 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ռացինկեր» մրցանակի շնորհման արարողութեան մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 18 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա Դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ռացինկեր» մրցանակի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան մասնակցողները։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ  յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց մրցանակակիրներուն ու Ռացինկեր հիմնարկի պատասխանատուներուն ապա յատուկէն յիշեց վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պեետիկտոս ԺԶ «որուն աղօթքն ու շրջահայեաց եւ խրախուսող ներկայութիւնը կ՛ընկերանան մեր միասնական ճանապարհորդութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Անոր գործունէութիւնը ու Անոր վարդապետութիւնը կը շարունակեն ըլլալ կենդանի ու թանկարժէք ժառանգութիւն Եկեղեցւոյ ու մեր ծառայութեան համար։ «Ասոր համար է որ կը հրաւիրեմ ձեր հիմնարկը շարունակելու իր գործունէութիւնը, ուսումնասիրելով ու խորացնելով այս ժառանգութիւնը ու միեւնոյն ատեն նայելով դէպի յառաջ՝ արժեւորելու համար ԺոզէՖ Ռացինկերի գրութիւններուն պտղաբերութիւնը, յատկապէս այսօրուայ մշակոյթին ի տես՝ որ հաւատքը կը մղէ երկխօսութեան» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ մարդկային հոգին կարիքը ունի այդ երկխօսութեան, կարիք ունի հաւատքին ու բանականութեան։

«Ժոզէֆ Ռացինկերը կը շարունակէ ըլլալ վարդապետ ու բարեկամ խօսակից բոլոր անոնց որոնք բանականութեան միջոցաւ կը փնտռեն ճշմարտութիւնը» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Վաստակաւոր Քահանայապետի եպիսկոպոսական կարգախօսին «ճշմարտութեան համագործակից» որ կը յատկանշէ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Անոր համայն գործունէութիւնը ու նոյնիսկ այսօրուայ մրցանակակիրներու աշխատանքը ի նպաստ ճշմարտութեան։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ մրցանակակիրներուն  ուրախութիւն յայտնելով թէ անոնք մաս կը կազմեն երեք քրիստոնեայ յարանուանութիւններու, որոնց շարքին նաեւ լուտերականը, ապա հաստատեց թէ «Քրիստոսի ճշմարտութիւնը մեներգութիւն չէ այլ համանուագ է» ու կը պահանջէ խոնարհ համագործակցութիւն ու ներդաշնակ բաժնեկցութիւն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  նշեց հուսկ թէ ուրախութեամբ ընկալեց առաջարկը «Ռացինկեր» մրցանակը աստուածաբանական ու գիտական ծաւալէն անդին շնորհուի նաեւ արուեստագէտներուն, ապա շնորհաւորեց   Ռացինկեր մրցանակի 2017-ի մրցանակակիրները՝   գերմանացի Լուտերական Աստուածաբան Թէոտոր Տիեթէր, գերմանացի Կաթողիկէ Քահանայ Քարլ Հէյնզ Մէնքէ եւ օրթոտոքս երաժիշտ  Արվօ Փարդի, ապա քաջալերեց Ռացինկեր հիմնարկի անդամները շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը՝ համագործակցութեան, երկխօսութեան ու ճշմարտութեան ճանաչումի  ուղիով։ «Ճշմարտութիւնը որ՝ Պենետիկտոս Քահանայապետ չի տքնեցաւ մեզի յիշեցնելու, միասնութիւն է Աստուծոյ մէջ, որ է եղբայրսիրութիւն ու Բան, իմաստութիւն ու սէր, որոնք մարդեղացած են Յիսուսի անձին մէջ - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով ճառը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.