2017-11-18 09:14:00

Իրանի մէջ երկրաշարժէն երեք օր անց փլատակներէն դուրս բերած են ողջ մնացած փոքրիկը։


Իրան-Իրաք սահմանին վրայ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն անցած է երեք օր: Փրկարարները դէպքէն երեք օր անց փլատակներու տակէն դուրս բերած են հրաշքով ողջ մնացած փոքրիկ մը:

Ըստ Independent-ի` ժպտուն դէմքով երեխային լուսանկարը կարճ ժամանակի  մէջ լայն տարածում գտած է համացանցին մէջ: Ոմանք ատիկա «հրաշք» որակած են` ընդգծելով կեանքի մէջ յոյսով ապրելու կարեւորութիւնը:

Յիշեցնենք, որ երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած է առնուազն 430, վիրաւորուած` աւէի քան 7000 մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.