2017-11-18 12:40:00

Զրոյց՝ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահ՝ Փրոֆ Գագիկ Յարութիւնեանին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) 17 եւ 18 նոյեմբեր 2017-ին, Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական կաճարի մէջ, Երեւանի «սահմանադրական մշակոյթի» կեդրոնի ձեռնարկով  կազմակերպուեցաւ «Ժամանակակից  անհատներու հոգեւոր- իրաւական վարքի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարումի հրամայականները» բնաբանով միջազգային գիտաժողով մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ օրէնսդրական բնագիրերու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Կարդինալ Քոքքոփալմիերօ։

Սոյն գիտաժողովը կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի նախագահ՝ Փրոֆ Գագիկ Յարութիւնեանին, որ է նաեւ Երեւանի «սահմանադրական մշակոյթի» միջազգային կեդրոնի հիմնադիրը։

Սահմանադրական մշակոյթին հայող գիտաժողովին առթիւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը առիթը ունեցաւ զրուցելու ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահ՝ Փրոֆ Գագիկ Յարութիւնեանին հետ որ զրոյցի ընթացքին ներկայացուց  գիտաժողովին իմաստն ու  նպատակակէտը ինչպէս նաեւ «Սահմանադրական մշակոյթի» կեդրոնի գործունէութեան ձգտումները։

Կից կը կներկայացնենք Փրոֆ Գագիկ Յարութիւնեանի վերոնշեալ նիւթին հայող հետաքրքրական զրոյցը

 








All the contents on this site are copyrighted ©.