2017-11-18 10:08:00

Երանելի կը հռչակուի աղքատներու սիրահար Ամերիկացի Հայր Ֆրանչեսքօ Սոլանուսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 18 նոյեմբեր 2017-ին, Միացեալ Նահանգներու Տիթրոյթ քաղաքին  մէջ տեղի կ՝ունենայ Ամերիկացի՝ Հայր Ֆրանչեսքօ Սոլանուսի երանացման արարողութիւնը, նախագահութեամբ  Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոյի։

Աւազանի անունով Պերնատօ Կազեյ, ծնած էր 1870-ին եւ վախճանած 1957-ին։  Ան որպէս կղերական  անդամ էր Քափուչիներու փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան։ 

Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Ամաթոյի  յայտարարութեամբ՝ Հայր Ֆրանչեսքօ Սոլանուսի երանացումը, Ամերոկայի եկեղեցւոյ համար կը նկատուի պատմական դէպք , որովհետեւ, ասիկա  ամերիկահապատակ երկրորդ քահանան է, որ կը դասուի երանելիներու շարքին,  անցեալ 23 սեպտեմբերին,  Օքլհահոմա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միսիոնար Ֆրանսիս Ռոզերի երանացումէն ետք։

Ծիրանաւորը նաեւ կը յայտնէ , թէ  մինչ՝ Երանելի Սթանլեյ Ռոզեր, նահատակուած է Կուաթամելա քաղաքին մէջ իր քրիստոնէական հաւատքին համար, երանելի Ֆրանսիս Սոլանուս, Ամերիկիոյ մէջ  սրբութեան կը հասնի, ամէն օր   բարձրանալով այն աստիճանները,  որոնք կը տանին  Աստուծոյ հետ հանդիպումին՝ կարիքաւոր եղբայրներու հանդէպ իր  ցուցաբերած գորովով։

Երանելի Ֆրանսիս,  իր կատարելիութեան ուղոին համար  ուրիշները, յատկապէս աղքատները, երբեք չէր նկատած որպէս բեր կամ խոչընդոտ, այլ ան զանոնք նկատած է որպէս ուղի՝ որ կը տանի  դէպի լոյս՝  Աստուածային սքանչելիքին։  

Ան թելադրուած իր հաւատքէն բոլորը կ՝ընդունէր առանց խտրութեան  անկախ իրենց ցեղային կամ կրօնային պատկանելիութենէն։  Ռափունեապետերն ու   բողոքական եկեղեցւոյ պատուելիները յաճախ զինք կ՝այցելէին խորհուրդ առնելու համար։  Յայտնած է կարդինալ Ամաթոն ապա նշած է թէ Երանելի Ֆրանչիսկիոս  իր կեանքին մէջ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերած է աղքատներուն, հիւանդներուն, մեկուսացեալներուն ինչպէս նաեւ անօթեւաններուն, այն աստիճան որ  ինք անօթի մնալով իր օրուան ճաշը կը բաշխէր անոնց։ 

Հայր Ֆրանչիս, իրեն դիմող բոլոր կարիքաւորներուն հետ  համբերութեամբ երկարօրէն կը զրուցէր,  ըստ պահանջին՝  խորհուրդ  տալով անոնց։  1929 թուականին, համաշխարհային տնտեսական մեծ տագնապի օրերուն, Ան դիմագրաւելու համար անօթիներուն  ու կարիքաւորներուն հարցերը,  բարերարներու միջնորդութեամբ նախաձեռնած է  խոհանոցի  մը ծրագիր ՝ ուր   ապուր կը պատրաստուէր ապա անվճար կը բաշխուէր անօթի աղքատներուն։

Ան իր հիմնած խոհանոցին նիւթական նպաստ հայթայթելու նպատակով, դիմած է անդադար տեղւոյն  հողագործներու ու իր ընկերներուն  

Ի վերջոյ  կարդինալ Ամաթօ,  յայտնեց թէ , Ֆրանչիսկոս Պապ,  Քափուչին վարդապետը բարձրացնելով խորաններու բարձր պատւոյն, զայն  բովանդակ եկեղեցւոյ կը ներկայացնէ , որպէս Քրիստոսի  հաւատարիմ առաքեալ եւ բարի հովիւ։  Այսօր եւս, Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը կարիք կը զգան Հայր Սոլանուսի նման անձերու,  անոր տիպարին ու  գործունէութեան հետեւորդներու ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.