2017-11-18 13:44:00

Մկրտութեան Խորհուրդի վերահաստատման խոստումի արարողութիւն՝ Մեսրոպեանի մէջ։


2017-ի Նոյեմբերի 17-ը յիշարժան օր մը պիտի ըլլայ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն համար. այդ օր, այդ դասարանի աշակերտները կատարեցին իրենց Մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումը, պատանի տարիքին մէջ խոստանալով ըլլալ այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին՝ Սուրբ Մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց որպէս հաւատաւոր քրիստոնեայ:

Մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ, աշակերտներու ծնողներ, կնքահայրեր ու կնքամայրեր, հարազատներ:

Տէր Ռաֆֆի իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ պատանի խոստումնաւորները երկրի լոյսն են ու աղը՝ Յիսուս Քրիստոսի իսկ բնորոշումով, եւ հետեւաբար կոչուած են քրիստոնէավայել կեանքի մը, որուն նպատակն է հաւատքով եւ բարի գործերով Փրկիչին լոյսը սփռել աշխարհի տարածքին: Ան յորդորեց աշակերտներու ծնողները, որ անձնական օրինակով իրենց զաւակներուն ցոյց տալ Ճշմարտութեան ճամբան եւ ամէն ջանք թափեն, որ անոնք չխոտորին երբեք:

Աշակերտները, իրենց հերթին կատարեցին անհատական եւ հաւաքական աղօթքներ՝ օրուան խորհուրդին համաձայն, հուսկ, ստորագրութեամբ վաւերացնելով իրենց խոստումը՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու վերաբերեալ:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.