2017-11-17 11:00:00

Տի Քափրիոն եւ Թոմ Հենքսը կ՛աջակցին Հայաստանի Մանուկներու Հիմնադրամի Բարեգործական Երեկոյին։


Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը (COAF)՝ տօներուն ընդառաջ` սիրով կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական ձեռնարկին` 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյին մասին:

Ամէն տարի Հիմնադրամի աջակիցները կը հաւաքուին Նիւ Եորքի մէջ` մասնակցելու երկար սպասուած ու աստղային երեկոյին: Բարեգործական այս ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն աշխարհահռչակ մարդիկ` Լէոնարտօ Տի Քափրիոն, Թոմ Հենքսը, Արիանա Կրանտէն, Քլոյէ Քարտաշեանը, Քոնան Օ Պրայեանը, Թինա Ֆէյը եւ ուրիշներ:

Հիմնադրամէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ հանդիսավարը «Էմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու դափնեկիր դերասանուհի Անտրէա Մարթինն է: Կալա-երեկոյին ընթացքին, արուեստի բացառիկ գործերու աճուրդը պիտի վարէ հանրաճանաչ Սայմըն տէ Փիւրին: Լուռ աճուրդին ներկայ պիտի ըլլան հանրածանօթ արուեստագէտներ եւ ձեւաւորողներ, պիտի առաջարկուի հիւրասիրութիւն, ընթրիք, մասնակիցները պիտի վայելեն կենդանի ճազ կատարում, իսկ Հայաստանէն ժամանած տաղանդաւոր երեխաները հանդէս պիտի գան յատուկ ելոյթներով:

Իբրեւ տուրք ժամանակակից ներաձեւութեան` այս տարուան Կալայի կոմիտէն հիացմունք կը յայտնէ հագուստի ձեւաւորող Փաթրիսիա Ֆիլտին` անոր պարգեւելով «COAF-ի մարդասիրական մրցանակ»-ը: Հիւրերը առաջինը պիտի ըլլան, որ պիտի դիտեն անոր վերջին հաւաքածուն:

Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոն պիտի իրականացուի Դեկտեմբեր 16-ին` Նիւ Եորքի ժամանակով երեկոյեան 18:00-23:30, «Չիփրիանի» սրահին մէջ: Շուրջ 400 հիւրերու, աստղերու, էջատէրերու եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ երեկոն պիտի հեռարձակուի հասարակական լրատուամիջոցներով: Հիւրերէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ անվճար նուէր-ծրար` լի առատաձեռն հովանաւորներուն կողմէ տրամադրուած բարիքներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.