2017-11-17 11:49:00

Հայկական վանականութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք, թէ Սուրբ Պատարագը կարեւոր տեղ կը գրաւէ կրօնաւորական կեանքին մէջ։ Որոշ պարագաներու, Սուրբ Հաղորդութիւնը եղած է կրօնաւորներու ոչ միայն հոգեւոր սնունդ այլ եւ նիւթական միակ սնունդը։  Եկեղեցւոյ Հայրեր, հայրապետներ եւ վարդապետներ միշտ անդրադարձած են Սուրբ Զոհի խորհուրդին, յորդորելով հաւատացեալները եւ մանաւանդ կրօնաւորներ ու քահանաներ, որ պատշաճ պատկառանքով եւ մաքուր սրտով մօտենան Աստուածային Սեղանին։ Այսօր մեր խորդրդածութեան իբր նիւթ կը շարունակենք Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետի ճառէն մաս մը, որ ուղղակի կրօնաւորներու չէ ուղղուած, եւ ուր ան կը խօսի «Սուրբ Խորհուրդին զգուշութեամբ եւ երկիւղով մերձենալու մասին»։ Կրօնաւորն ու վանականը ուխտած են կատարել Աստուծոյ կամքը եւ «նմանիլ հրեշտակներու» ամբասիր կեանքով, ճգնութեամբ, աղօթքով, հետեւելով Յիսուսի եւ Սուրբ Խորհուրդին մերձենալով։

«Եւ անոնք, որոնք չեն պարսպապատուած սուրբ Խորհուրդով, դեւերու բնակարան են. փախչելով հրեշտակներու ժողովէն՝ դեւերու բանակին մէջ կʼիյնան։ Եւ արդ, տե´ս եւ ձերբազատուի´ր յիմարութենէդ, ուղղէ´ թերահաւատութիւնդ, ծուլութիւնդ փութկոտութեան վերածէ, շտապէ´ սրբուելու մեղքերէդ եւ մեծ փափագով փութա´ դէպի հոգեւոր սուրբ սեղանը, որպէսզի չհեռանաս քրիստոնեայ անունէն։ Որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը՝ մկրտութիւնն է եւ սուրբ Խորհուրդի վայելումը, իսկ այն որ հեռու եւ թերի է անոնցմէ, թերի է քրիստոնէութենէ, որովհետեւ Քրիստոս չի բնակիր անոր մէջ, ոչ ալ ան Քրիստոսի մէջ, որովհետեւ. «Ան որ կʼուտէ իմ մարմնէս, կʼըսէ Ան, ան կը բնակի իմ մէջս, եւ ես՝ անոր մէջ» (Յովհ Զ. 57)։ Եւ արդ, ան որ կը կամենայ բնակիլ Անոր մէջ, պէտք է քալէ այնպէս, ինչպէս որ Ան քալեց։ Եւ այն որ ունենայ այն յոյսը՝ թէ Աստուած կը բնակի իր մէջ, եւ ինքը՝ Աստուծոյ մէջ, պէտք է ըլլայ այնպէս սուրբ, ինչպէս որ Ան սուրբ է, եւ ապա միայն մօտենայ։ Իսկ ան, որ այդպէս չի մօտենար, յայտնի է, որ կը մօտենայ իր անձի դատապարտութեան։ Որովհետեւ տէրունական սուրբ մարմնին մօտենալը սուրբերու համար լոյս է եւ կը լուսաւորէ հոգիի մերձաւորութեամբ, իսկ անմաքուրներու համար կրակ է, կʼայրէ եւ կʼապականէ խղճմնանքով մօտենալու համար։ Որովհետեւ երբ միտքդ չի վկայեր քու սրբութեանդ մասին, յայտնի է, որ քու՝ սուրբ Խորհուրդին մօտենալը Աստուծոյ կամքով չէ։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կʼըսէ, թէ՝ «Աստուծոյ կամքը ձեր մտքի վկայութիւնն է» (Բ. Կոր Ա. 12, Ա. Թես Դ. 3)։ Եւ եթէ քու միտքդ կը վկայէ քու սրբութեանդ մասին, ուրեմն քու՝ սուրբ Խորհուրդին մօտենալը Աստուծոյ կամքով է։

Եւ արդ, տե՛ս թէ ո՛ր սեղանին անօրէնութեամբ կը մօտենաս. որմէ կը սոսկան եւ կը սարսափին վերին զօրութիւնները, իսկ դուն կը հանդգնիս մօտենալ պիղծ շրթունքներովդ։ Եթէ քեզմէ վատ հոտ գար, չէիր համարձակեր մօտենալ որեւէ թագաւորի, իսկ հոտած հոգւոյդ մէջ կʼընդունիս երկնաւոր Թագաւորը եւ մեծ սարսափով չես սոսկար ցեխոտ ձեռքերով չես ուզեր կերակուրին մօտենալ, իսկ տղմաթաթախ հոգիովդ համարձակ կը հաղորդուիս։

Թէեւ ոմանք խղճմտանքի պատճառով չեն հաղորդուիր, սակայն կեղծաւորելով կը մնան ներսը՝ դուրս եղողներուն կարծել տալով, թէ հաղորդուողներու մէջ են։ Որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք արժանի չեն Խորհուրդին, արժանի չեն նաեւ ներս մնալու, աղօթքներու եւ հաղորդութեան, այլ դուրս ելլելու անարժաններու հետ։ Մի՛ կեղծաւորիր՝ արժանաւորի նման ներսը մնալով եւ անարժաններու նման չհաղորդուելով։ Ինչու՞ կʼարհամարհես ահաւոր մեծ Խորհուրդը. չե՞ս գիտեր, որ երբ սուրբ Խորհուրդը սուրբ սեղան կʼելլէ, այն ժամանակ վերէն կը բացուի երկինքը, եւ Քրիստոս իջնելով՝ կը հասնի այնտեղ, հրեշտակներու զօրքերը կը ծաւալին երկնքէն երկիր եւ կը բոլորին սեղանին շուրջը, ուր տէրունական ահաւոր Խորհուրդն է, եւ բոլորը կը լեցուին Սուրբ Հոգիով։ Այն ատեն, խղճմտանք ունեցողները արժանի չեն հաղորդուելու այդպիսի Խորհուրդին, մինչեւ որ ապաշխարութեամբ չուղղուին։ Լսէ քարոզիչի ձայնը՝ «Ոչ ոք երախաներէն, ոչ ոք թերահաւատներէն եւ ոչ ոք անյոյսներէն, որոնք պատրաստ չեն սրբութեամբ», զանոնք դուրս կʼուղարկէ եւ ներսը մնացողներուն կʼըսէ՝ «Նայեցէք ձեր անձերուն եւ քննեցէք ձեր սրտերը. թող ոչ ոք մեղքով, նենգութեամբ, խորամանկութեամբ, պատրանքով, երկմտութեամբ եւ թերահաւատութեամբ չմօտենայ», որովհետեւ Խորհուրդի սրբութիւնը վայել է սուրբերուն եւ անարատներուն։ Եւ այս լսելով՝ չենք դողար ու սոսկար ահաւոր ու մեծ Խորհուրդէն, որմէ կը սարսափին սերովբէները, իսկ քերովբէները չեն համարձակիր մերձենալ, հրեշտակները եւ հրեշտակապէտներէն կը սոսկան դողալով, եւ վերնային բոլոր զօրութիւնները հիացած կը սարսին։ Իսկ ան, որ յանցաւոր խղճով կը մօտենայ անոր, որքա՛ն սաստիկ տանջանքով պիտի մաշի, ինչպէս չոր ճիւղ, որ հուրին հպելով կʼայրի եւ կʼոչնչանայ, քանի որ փոքր բան համարելով Քրիստոսի մարմինը՝ անարգեց զայն։ Նաեւ իբրեւ լոկ հացի մի նայիր եւ լոկ գինի մի համարիր եւ տես, որովհետեւ սուրբ խորհուրդի ահաւորութիւնը տեսանելի չէ, այլ իմանալի զօրութիւն է այն։ Որովհետեւ Քրիստոս Խորհուրդի եւ մկրտութեան մէջ տեսանելի ոչինչ չաւանդեց մեզի, այլ իմանալի։ Կը տեսնենք ջուր, բայց կը հաւատանք աստուածային այն խօսքին, որ կʼըսէ թէ՝ «սա իմ մարմինս եւ արիւնս է, ով որ ուտէ իմ մամնէս եւ խմէ իմ արիւնէս, ան կը բնակի իմ մէջս, եւ ես՝ անոր մէջ։ Եւ վերջին օրը ես անոր յարութիւն պիտի տամ» (Յովհ Զ. 55-57)։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.