2017-11-17 08:20:00

Կեանքի «իմաստ»-ը գտնելը կ՝երկարէ կեանքի տեւողութիւնը


Կեանքի իմաստ գտնելն ու նպատակ ունենալը հաստատ կը բարձրացնէ անոր որակը, սակայն արդեօ՞ք անիկա նաեւ կ՝երկարէ կեանքի տեւողութիւնը: Նոր հետազօտութիւնը կ՝ըսէ` ”այո”:

Հետազօտութիւնը իրականացնող գիտնականները ուսումնասիրած են մինչեւ 65 տարեկան 9050 բրիտանացիի տուեալներ. անոնց բաժնած են չորս խումբի` ըստ կեանքէն բաւարարուածութեան աստիճանի եւ կեանքի գիտակցուած իմաստի առկայութեան` ամենաբարձր ցուցանիշներով մասնակիցներէն մինչեւ ամենացածը, եւ ուսումնասիրած են 8,5 տարուան ընթացքին:

Հետազօտութեան արդիւքները գնահատելէ առաջ՝ արդիւնքները ճշգրտած են ըստ տարիքի, սեռի, հասարակական-տնտեսական կարգավիճակի, ֆիզիքական առողջութեան, ճնշման աստիճանի, ծխելու կարգավիճակի, ֆիզիքական աշխուժութեան, ալքոհոլի օգտագործման, որպէսզի բացառեն գործօնները, որոնք կրնան ազդել մեծահասակ մարդու առողջութեան ու բարեկեցութեան վրայ:

Հետազօտութեան աւարտին, կեանքէն ամենաբարձր բաւարարուածութեամբ խումբէն մահացած է մասնակիցներուն 9%-ը, մինչ ցած բաւարարուածութեամբ խումբէն մահացած է մասնակիցներուն 29%-ը: Բոլոր կողմնակի գործօնները հաշուի առնելով՝ գիտնականները պարզած են, որ կեանքէն ամենբարձր բաւարարուածութեամբ մասնակիցները 30%-ով պակաս հաւանականութիւն ունէին այդ ութ տարուան ընթացքին մահանալու եւ ապրած են միջինը երկու տարի աւելի՝ կեանքը շարունակելու ցած հաւանականութեամբ մասնակիցներուն համեմատ:

Գիտնականները կը պնդեն, որ կան բազմաթիւ զբաղումներ, որոնք մեծահասակ մարդու կեանքը կը լեցնեն իմաստով ու նպատակներով` այգեգործութիւն, խոհարարութիւն, թոռներու դաստիարակութիւն, ընկերներուն եւ ընտանիքին օգնել, եւ այլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.