2017-11-16 13:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը «Աստուծոյ Արքայութիւնը կ՛աճի շնորհիւ Սուրբ Հոգիին»


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 16 նոյեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը՝ մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը , ուր փարիսեցիները Յիսուսին հարց կու տան «ե՞րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը»։

«Աստուծոյ արքայութիւնը թատրոն  մը չէ ոչ ալ «քարնեվալ», բարեկենդան։ Աստուծոյ արքայութիւնը  գովազդ  չի սիրեր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով,  ր  Սուրբ Հոգին է  Աստուծոյ արքայութիւնը աճեցնողը եւ ոչ թէ  հովուական խնամակալութեան ծրագիրները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ապա յիշելով Յիսուսին  «այսօր այդ գրութիւնը իրականացաւ ձեր մէջ » խօսքը հաստատեց, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը մեր մէջ կը գտնուի։ Ան  մեր մէջ կ՝աճի,  նման   սերմանուած հատիկին  կամ  յայտնաբերուած  թաքուն գանձի մը , ընդգծելով որ Աստուծոյ արքայութիւնը միշտ անակնկալ մըն է,  որովհետեւ անիկա  Տիրոջ կողմէ՝ մեզի  շնորհուած պարգեւն մըն է ։

Սրբազան հայրը նշեց նաեւ, որ Յիսուս մեզի կը բացատրէ, թէ  Աստուծոյ Արքայութիւնը կը յայտնուի հեզութեան մէջ ու չի գար  մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելով,  ապա հաստատեց թէ բոլորս  կանչուած ենք քալելու Աստուծոյ արքայութեան ուղիին վրայէն, որովհետեւ այդ մէկը կոչում մըն է, շնորհք մըն է. ձրի պարգեւ է։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը, յորդորելով որ Սուրբ Հոգիէն հայցենք մեր եւ եկեղեցւոյ մէջ աճեցնելու Աստուծոյ արքայութեան սերմը,  որպէսզի ան աճի եւ բազմաթիւ մարդոց  ապաստան դառնայ,  ինչպէս նաեւ  սրբութեան պտուղներ շնորհէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.