2017-11-16 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «World Medical Association»ի հաւաքին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 16 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քահանայապետական կեանքի ակադեմիայի համագործակցութեամբ Վատիկանի մէջ գումարուած «World Medical Association» Եւրոպայի մասնաճիւղին հաւաքին առթիւ պատգամ մը յղեց վերոնշեալ ակադեմիայի նախագահ գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային որուն մէջ մատնանշելով հաւաքի կեդրոնական նիւթին որ է «երկրային կեանքի վախճանը» ակնարկեց բժշկութեան ձեռք բերած նուաճումներուն՝ մարդու կեանքը երկարելու ու հիւանդութիւնները բուժելու ծիրէն ներս, այս մէկը նկատելով մեծապէս դրական, թէեւ, գրեց Սրբազան Քահանայապետը,  «մարդկային մարմնի վրայ գործողութիւնները որոնք միշտ աւելիով արդիւնաւէտ են  միշտ ալ վճռական չեն» ու այս առընչութեամբ առաջարկեց «իմաստուն մօտեցում» խուսափելով այն բժշկական միջոցներէն որոնք հզօր ազդեցութիւններ կը թողուն մարմնի վրայ առանց սակայն սատարելու մարդկային համապարփակ բարիքին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց ապա Պիոս ԺԲ քահանայապետի խօսքերը ու թելադրանքները հայող դարմանումի  միջոցառումներուն, ուր Ան կը հաստատէր թէ երբ «այդ միջոցառումները չեն համապատասխաներ մարդկայնական ու բարոյական չափանիշի, ու չեն ապահովեր ակնկալուած արդիւնքներ, հարկաւոր է զանոնք դադրեցնել» ու կասեցնել այդ անհամեմատ ու «կատաղի դամանումը» մերժելով բուժական յամառութիւնը, որ չի նշանակեր «դիմել մահուան» այլ ընդունիլ թէ անկարող ենք զայն կասեցնել - ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականի խօսքերը։ Այս առընչութեամբ, գրեց ապա Քահանայապետը, հարկաւոր է ուշադիր զատորոշում  որ միշտ ի միտ ունենալու է հիւանդ անհատը ու անոր համապարփակ բարիքը եւ որոշումները նախ եւ առաջ «առնուելու են հիւանդին կողմէ, եթէ ան ձեռնհաս ու կարող է»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա «առողջապահական միջոցներու» անհաւասար կիրարկումին, տրուած ըլլալով որ շատ անգամներ անոնք շատ սուղ են եւ վերապահուած են միայն ունեւորներուն, եւ այս ուղղութեամբ առաջարկեց «պատասխանատու մերձեցում» այնպէս ինչպէս ի յայտ կու գայ  Սամարացիի աւետարանական առակին մէջ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատելով՝ «հիւանդը երբեք չի լքել» եւ ի տես մարդկային ուժերու սահմանափակումին ու որոշ առիթներով դժուար ընտրութիւններ կատարելու դժուարութեան, հարկաւոր է, գրեց Ան, դիմել զօրակցութեան,  հրաւէր ուղղելով որ  ամէն մին  սէր արտայայտէ իր կարողութիւններու համաձայն, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ հիւանդութեան բուժումը կարելի չէ ապահովել, պէտք է միշտ խնամք տանիլ հիւանդին, առանց կրճատելու անոր կեանքը ու միեւնոյն ատեն առանց դիմելու մահուան - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով «այսպիսի հարցեր  դիմագրաւել լրջութեամբ ու խոկումով, որպէսզի կարենանք բաժնեկցուած լուծումներու յանգիլ»։

Նորին Սրբութիւնը իր երկարաշունչ պատգամին աւարտին ընդգծեց այս առընչութեամբ տարբեր տեսողութիւնները ու Պետութեան պատասխանատուութիւնը իւրաքանչիւրին երաշխաւորելու հաւասար դարմանումի իրաւունք ապա պատգամը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի աշխատանք ու յոյս յայտնելով որ այդ հանդիպումի ընթացքին անոնք կարենան որոնել պատշաճ ուղիներ դիմագրաւելու համար այդ նուրբ հարցերը։

«Տէրը ձեզ օրհնէ ու Տիրամայրը ըլլայ ձեզի ապաւէն» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.