2017-11-16 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ֆիժի կղզիներու վարչապետին՝կլիմայի փոփոխութեան հայող ժողովին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) 6-էն 17 նոյեմբեր 2017-ին,  Ֆիժի կղզիներու գլխաւորութեամբ,  Գերմանիոյ Պոն քաղաքի մէջ ընթացք առած,  կենսոլորտի փոփոխութեան հայող  ՄԱԿ-ի 23-րը նստաշրջանին առիթով , Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ յղեց Ֆիժի կղզիներու  վարչապետ՝   Տիար Ֆրանք Պայնիմարամանային։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց կենսոլորտի փոփոխութեան խնդիրներուն հայող Փարիզի մէջ որդեգրուած միջազգային համաձայնութեան,   դիտել տալով որ այդ համաձայնութիւնը գոյացած է մեկնարկելու համար  ռազմավարական բաժնեկցութիւն, հակասելու համար մարդկութեան  ապրած  ամենէն մտահոգիչ երեւոյթներէն  մին,  կլիմայի փոփոխութիւնը,  աւեցնելով,  որ  Պոնի  ժողովը այլ կարեւոր փուլի կ՝առաջնորդէ  Փարիզի համաձայնութիւնը , այն  է սահմանել եւ կառուցել  հասարակաց ուղեգիծ մը,  որդեգրելու  նոր օրէնքներ եւ  պետական  համակարգեր, որպէսզի Փարիզի համաձայնութեան պայմանները աւելի արդիւնաւէտ ու նպաստաւոր դառնան ։     

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա վերահաստատեց իր  շտապ հրաւէրը, վերանորոգելու , մոլորակի ապագայի  կառուցման  հայող  երկխօսութիւնը, դիտել տալով թէ մեր օրերուն ապրած  կենսոլորտի մարտահրաւէրը   ու  անոր արմատները կը հային  եւ կը դպչին բոլորին։ 

Այս առնչութեամբ, Նորին Սրբութիւնը  յորդորեց  խուսափիլ  չորս վերաբերումներէ, ժխտում, անտարբերութիւն եւ անյարմար լուծումներու  վստահելէ կամ անոնց համակերպելէ։  Ան  ժողովականներու ուշադրութեան յանձնեց, որ բաւարար  չեն տնտեսական եւ արհեստավարժ ական լուծումներ գտնել,  այլ  կարեւոր է եւ  անհրաժեշտ է  նաեւ   նկատի առնել զարգացումին եւ  յառաջդիմութեան  բնագաւառներէն ներս,  ընկերային եւ բարոյական  երեւոյթները։ 

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել դաստիարակչութեան մարզին եւ համապարփակ բնապահպանութենէ դրոշմուած ապրելակերպի մը, որ կարող է որդեգրել  պարկեշտ  փնտռտուքի տեսութիւն եւ բաց երկխօսութիւն, եւ  որուն մէջ կը  համակարգուին  Փարիզի համաձայնութեան զանազան ծաւալները, որոնց շարքին այն  ծանր պատասխանատուութիւնը՝ գործելու առանց վարանումի ու  քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումէն  ազատ, գերազանցելով  անհատական շահերն ու վերաբերումը ի նպաստ հասարակաց բարիքին։  

Ւ վերջոյ Ֆրանչիկսոս Պապ հրաւիրեց ժողովականները, տարածելու պատասխանատու խղճմտութիւն  մեր հասարակաց տան վերաբերեալ,  եւ եւ որդեգրելու իսկապէս արդիւնաւէտ  որոշումներ,  հակասելու համար կլիմայական փոփոխութիւններու երեւոյթը ու միաժամանակ պայքարիլ աղքատութեան դէմ ու խթանել մարդկային համապարփակ զարգացումը։

«Ձեր այս յանձնառումին մէջ Ամենակալի  իմաստուն նախախնամութիւնը թիկունք կը կանգնի ձեզի» գրեց Քահանայապետը եզրափակելով պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.