2017-11-16 08:20:00

Սարգսեան եւ Փութին անդրադարձան Արցախի հարցի կարգաւորման գործընթացին։


ՄՈՍԿՈՒԱ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, Քրեմլինի պալատին մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Բանակցութիւններու ընթացքին, ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջպետական կապերու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Նախագահները անդրադարձան բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին:

Նախագահ Փութին այս հանդիպումին յայտարարեց, որ Հայաստանին կը վերադարձնէ գողցուած Վրուպելի նկարը:

Նախագահ Սարգսեան, նախագահ Փութինի հրաւէրով, աշխատանքային այցով նոյն օրը ժամանած էր Մոսկուա: Առաւօտեան, Հանրապետութեան նախագահը այցելած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան եւ Սուրբ Պայծառակերպութիւն Մայր տաճար:








All the contents on this site are copyrighted ©.