2017-11-15 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. «Հաւատքը շօշափելի կը դարձնէ Հօր ներկայութիւնը»


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 15 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ անդրադարձաւ հաւատքի կարեւորութեան մասին, զայն որակելով որպէս կեանքի վեհանձն ընկեր մը, որուն միջոցաւ կարելի է զգալ Հօր ներկայութիւնը ու Անոր նախախնամական հոգատարութիւնը իր արարածներուն նկատմամբ։

«Հաւատքը կեանքի վեհանձն ընկեր է,  որ շօշափելի օրէն զգալ կու տայ  Հօր մը ներկայութիւնը որ երբեք միակ չի թողուր իր արարածները» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.