2017-11-15 09:15:00

Քահանայապետկան մշակոյթի խորհուրդի տարեկան ընդհանուր նիստը։


(Ռատիօ Վատիկան) 15էն-18 նոյեմբեր 2017-ին,Վատիկանի մէջ  Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդը կը գումարէ իր տարեկան ընդհանուր նիստը, մասնակցութեամբ  խորհուրդի 27 անդամներէ  բաղկացած ծիրանաւորներու, եպիսկոպոսներու եւ աշխարհականներու,  ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած՝ համաժողովի  այլ 27  խորհրդատուներու։  Համագումարին բացումը կը կատարէ  Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, մինչ՝ համագումարին աշխատանքները կը վարէ, Ւտալիոյ Ազգային «Ռայ Ունօ» հեռուստակայանի լրագրող՝ Քաթերինա Տոլիոն ապա՝  ելոյթ կ՝ունենան  Il Cortile dei Gentili” հիմնարկի գիտական բաժանմունքի անդամներ։

Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ընդհանուր նիստի քննարկումի նիւթ կը հանդիսանայ  մարդաբանական հարցեր. գիտութեան եւ արհեստավարժութեան ազդեցութիւնը մարդաբանականութեան հիմնական գաղափարներուն վրայ. որոնք են նոր մարտահրաւէրներուն պատասխանները,  ինչպէս կը փոխուի մարդկային անձի պատկերը ներկայ աշխարհին մէջ։

Ընդհանուր նիստին կէտնպատակն է հասկնալ, թէ ինչպէս պիտի  ըլլայ աշխարհի ապագան եւ ինչպէս պատասխանել մարդոց խորին հարցադրումներուն, որոնց միջեւ կ՝ապրինք ու կը գործենք։

Ուրբաթ 17 նոյեմբերին ընդհանուր նիստի  քննարկուելիք նիւթ պիտի հանդիսանայ, մարդկային անձը, ուղեղն ու հոգին, խորացնելու համար մարմին եւ ուղեղ յարաբերութեան հասկացողութիւնը։

Շաբաթ,18 նոյեմբերին, ընդհանուր նիստը կը փակուի ,Ֆրիպուրկօ թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Շարլ Մորրրեոտի կողմէ ներկայացուած նիստի աշխատանքներու մասին զեկոյցով։








All the contents on this site are copyrighted ©.