2017-11-15 09:07:00

Ռայի Ռիատի մէջ կը հանդիպի Հարիրիին


Պատմական այցելութեամբ Սէուտական Արաբիա ուղղուած մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ռիատի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, ապա վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին եւ Ռիատի Ֆայսալ պըն Պանտար պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ:

Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սէուտական Արաբիոյ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարները` Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզն ու Ատել Ժուպէյրը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհանը:

Հանդիպումին ընթացքին Սալման թագաւորը եւ Ռայի պատրիարքը ընդգծեցին կրօններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան վերջ դնելու եւ շրջանին մէջ բնակող ժողովուրդներուն ու աշխարհին անվտանգութիւնը ապահովելու իմաստով:

Անոնք քննարկեցին նաեւ լիբանանեան-սէուտական եղբայրական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ոչ մէկ թղթակից ներկայ գտնուեցաւ, սակայն հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ միայն սէր ու զօրակցութիւն գոյութիւն ունի:

Ան հաստատեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական, եւ թէ ինք կը բաժնէ Հարիրիի հրաժարականին պատճառները` աւելցնելով, որ վարչապետը շուտով պիտի վերադառնայ Լիբանան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Ռիատէն ուղղակի պիտի ուղղուէր Հռոմ, սակայն ան մետասաներորդ պահուն փոխեց իր ուղղութիւնը` վերադարձաւ Պէյրութ, ապա մեկնեցաւ Վատիկան:

Ռայի պատրիարքը երեկոյեան 8:30-ին հասաւ Պէյրութ, ուր ժամ մը մնալէ ետք, ժամը 9:30-ին ուղղուեցաւ Վատիկան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.